
Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի ընտանիքը եւ մշակութասէր հանրութիւնը նշեցին մեծ հայորդի, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ դերասան Սօս Սարգսեանի յիշատակը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան: