
«Լ. Շանթ» սրահը անգամ մը եւս դարձաւ ժամադրավայր հալէպահայ գրասէր խաւին, որոնք համախմբուած էին նշելու «Նորավէպի Իշխան» Գրիգոր Զօհրապի ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը եւ երկար սպասումէ ետք վայելելու գրականութեան ջահակիրներէն՝ Յակոբ Չոլաքեանի մատուցումը։
Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի վարչութեան կազմակերպած երեկոն տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-ին։ Սրահը կը բուրէր գրականութեամբ, յատկապէս, ուր բեմին կողքին տեղ գրաւած էր նորավէպի իշխան Գրիգոր Զոհրապի դիմանկարը՝ յատուկ խնամքով պատրաստուած արուեստագէտ Սահակ Ակիլեանի ձեռամբ։
Բեմավարուհի Թալին Ալեքսանեան, վարչութեան անունով ներկաները ողջունելէ ետք հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան բանախօս Յակոբ Չոլաքեանի կենսագրական գիծերն ու գրական վաստակը, որպէս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասախօս, բանասիրական եւ ուսումնասիրական բեղուն գործունէութիւն վարած, գրական մշակ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու։ Ապա գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Արտա Տէր Յակոբեան եւ Յարութ Գարտանաքեան, որոնք ջութակի հոգեհարազատ կատարողութեամբ ներկայացուցին Կոմիտասի «Ես Սիրեցի»ն։
Հայագիտական Հիմնարկի ուսանողուհիներէն՝ Նանոր Տէր Սարգիսեան, Արազ Տունկեան, Սեւան Գալմաճեան եւ Մարիա Թիւթիւնճեան յաջորդաբար ընթերցեցին գրականութեան կարկառուն դէմքերէն՝ Յակոբ Օշականի, Մուշեղ Իշխանի, Մինաս Թէօլէօլեանի եւ Սիպիլի վկայութիւնները, որոնք Զօհրապի գրականութեան բարձրորակութեան եւ իւրայատկութեան փաստացի տուեալներն էին։
Զօհրապի «Նորավէպի Իշխան» կոչումը պարգեւող նորավէպերէն «Ռէհան»ի ընթերցումը, զոր կատարեցին Հայագիտականի ուսանողուհիներէն՝ Մարալ Զաքարեան-Կիւլվարդեան, Անի Յովակիմեան-Էօրտէքեան, Էօժէնի Քէօշկէրեան-էմմանեան, Մարինա Խաչիկեան եւ Ռուպինա Մանուկեան, զարթնեցուց ներկաներուն երբեմնի մոռցուած սիրոյ յուշերը։
Օրուան բանախօսը Զօհրապի գրական վաստակը արժեւորելով ըսաւ.«Իշխանին ուրիշ ձեւով պատուելը հնարաւոր չէ, այսպէս իշխան մը, որ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ու շրջանակներուն մէջ ապրեցաւ իշխանավայել, եղաւ ազնուական իր շրջապատին մէջ, ասպետական իր սիրուհիներուն հետ, արդարացի խորհրդարաններուն մէջ եւ իսկապէս, ոչ միայն նորավէպի, այլ իր կեանքին տեւողութեան մէջ մնաց միայն իշխան»։Ապա կենսագրական գիծերը ներկայացնելէ ետք յիշեց, թէ Զօհրապ իր գրական փորձերը սկսած էր բանաստեղծութեամբ, ուր կային իսկական մաքրութիւն եւ զգացումներու առատութիւն եւ շեշտեց, թէ Զօհրապ իսկապէս բանաստեղծ էր, ոչ միայն բանաստեղծութեան, այլ գրականութեան միւս էջերուն մէջ եւս, ուր յորդառատ զգացումներու զեղունութիւնը եւ բանաստեղծական պատկերները միշտ առկայ էին։ Անոր գրականութիւնը բազմերես էր, ան փորձած էր գրականութեան բոլոր սեռերն ալ եւ իր սերունդի իրապաշտ գրողներուն նման, նուիրուած էր գրական գործին եւ ժողովուրդին իմացականութիւնը զարգացնելու աշխատանքին, որուն շնորհիւ այդ շրջանի գրական փաղանգին մէջ դարձած է ամէնէն բազմաշնորհ եւ իւրայատուկ դէմքը, շրջանցելով ժամանակակից գրական մշակները եւ նոյնիսկ իր առաջնորդները։
Ըստ բանախօսին՝ Զօհրապ բազմակողմանի պատրաստութեամբ օժտուած մեծ մտաւորական մըն էր, միանգամայն օժտուած՝ արուեստագէտի խառնուածքով, սիրահարը եղած էր գեղեցիկին ու բարիին եւ իրապաշտ սերունդի գագաթնակէտը մարմնաւորած՝ ներկայացուցած էր կեանքը այնպէս ինչպէս որ էր։
Յակոբ Չոլաքեան ամբողջական եւ բովանդակալից մատուցումով անգամ մը եւս հրապուրեց ներկաները եւ վերակենդանացուց Գրիգոր Զօհրապ մարդը, գրագէտը եւ հանրային գործիչը՝ սկսած ծնունդէն մինչեւ սահմռկեցուցիչ նահատակութիւնը։
Ձեռնարկի աւարտին Գերպ. Տ. Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, շնորհաւորեց կազմակերպեիչներն ու բանախօսը իւրայատուկ գրական այս երեկոյին եւ բացառիկ մատուցման համար։ Ապա «Պահպանիչ» ով այդ օրուան ձեռնարկը հասաւ իրաւարտին։
Այդ օր Նորավէպի Իշխանը դարձաւ ներկաներուն հոգիներուն ու մտքերուն գահակալը։
Ազնիւ Ստեփանեան-Արապաճեան