Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Կիրակի, 22 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Յովհաննէս Պապախանեան` «Պատգամ» մենաներկայացումով, ըստ Կարէն Խաչատրեանի (Խաչկար) նամակագրութիւններուն, բեմադրութեամբ` Մարի Մսըրեանի:
Ներկայիս լոսանճելըսաբնակ Պապախանեան ստանձնած է աւելի քան 190 դեր հայկական եւ ամերիկեան թատրոնի, շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մէջ: Ելոյթներ ունեցած է իբրեւ երգիչ` տարբեր լեզուներով: Քանի մը մենաներկայացումներ կատարած է նաեւ անգլերէնով:
«Պատգամ»-ը մենաներկայացումը կ՛առնչուի Ցեղասպանութեան մթնոլորտին, ազգային եւ ընկերահոգեբանական ազդեցութիւններուն:
Նախքան մենաներկայացումը ցուցադրուեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած կարճ տեսերիզ մը: