
16 Հոկտեմբեր 2011-ին, Պելճիքայի Սուրբ Մարի – Մատլեն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայկ Արսլանեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ պետական եւ ազգային ներկայացուցիչներու, ընտանեկան պարագաներու եւ հոծ բազմութեան:
Հայ առաքելական եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու` Հայր Զատիկ Աւետիքեանի եւ վեր. Ռընէ Լեւոնեանի կողմէ կատարուեցաւ եկեղեցական միացեալ արարողութիւն:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Պելճիքայի հայ համայնքի նախագահ Միշել Մամուրեան, որ նշեց, թէ Հայկ Արսլանեան եղաւ այն խիզախ հայորդին, որ Հայաստանի անկախութենէն առաջ եւ ետք միշտ բարձր պահեց Հայաստանի դրօշը: Ան շեշտեց, որ այս եկեղեցւոյ գոյութիւնը եւս կը պարտինք Հայկ Արսլանեանին:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Արսլանեան ընտանիքին ուղղուած ցաւակցագիրը կարդաց Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անունով խօսք առաւ Սելլա Թնճուկեան եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ խոր վշտակցութիւններ փոխանցեց ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր ներկաներուն:
Վերջապէս, Հայկ Արսլանեանի թոռը` Հայկ Արսլանեան, խօսք առնելով իր հպարտութիւնը յայտնեց, որ կը կրէ իր մեծ հօր անունը եւ խոստացաւ անոր յիշատակը միշտ թարմ պահել ու հաւատարիմ մնալ անոր հայրենասիրական եւ բարեգործական ուղիին:
Թաղման եկեղեցական արարողութենէն ետք հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Անվերսի գերեզմանատան մէջ: Զաւակներուն փափաքով յառաջիկային աճիւնները պիտի փոխադրուին Հայաստան` գտնելու համար իրենց յաւերժական հանգիստը Հայկ Արսլանեանի այնքան սիրած հայրենիքին մէջ: