
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ համագործակցութեամբ Իրանահայ մշակութային միութեան, տեղի պիտի ունենայ յուշ-երեկոյ մը՝ նուիրուած տարի մը առաջ մեզմէ յաւերժ հեռացած բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի բեղուն գրական կեանքին եւ գործունէութեան: Ձեռնարկը պիտի կայանայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 4, 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Իրանահայ Միութեան սրահին մէջ՝ 117 S. Louise Street Glendale, CA 91205։
Այս առթիւ կեանքի կոչուած յանձնախումբը պիտի մշակէ օրուան պատշաճ յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն հանդիսատեսը պիտի կարենայ վերյուշ մը ապրիլ եւ պտոյտ մը կատարել Ալիսիա Կիրակոսեանի գրական ոլորտներուն մէջ: Հայ գրականութեան ժառանգ ձգած իր 59-60 հատորներու ստեղծագործական վաստակով եւ իր բանաստեղծական հարուստ աւանդով, ան իր իւրայատուկ տեղն ունի սփիւռքահայ գրականութեան մէջ եւ արժանի՝ ոգեկոչման այս հանդիսութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ ներառուած է տեսասկաւառակի ցուցադրութիւն, որով պիտի ներկայացուին բանաստեղծուհին եւ իր քերթուածներու ընթերցումներէն հատուածներ։
Հրաւիրուած է գրասէր հասարակութիւնը, իսկ մուտքը ազատ է:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ