
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական (ԳԶՎ) Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան, Շարլ Ազնաւուրի մահուան քառասունքին առիթով տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիսութիւն մը Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյան ժամը 7էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, շրջանի կազմակերպութիւններու եւ յարակից միութիւններու ու Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը յարգողներու հոծ բազմութեան մը:
Երեկոյթին բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեան, որ ըսաւ. «Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի եւ ԳԶՎ Ազգային վարժարանին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ ձեր ներկայութեան համար, որ արձագանգելով մեր հրաւէրին՝ եկած էք միասնաբար ոգեկոչելու համաշխարհային ճանաչում ստացած ֆրանսահայ երգիչ, բանաստեղծ, դերասան, դիւանագէտ, մարդասէր գործիչ եւ բարերար Շարլ Ազնաւուրի կեանքն ու վաստակը յիշատակելու համար կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Գասպարեան նշեց. «Իր երգարուեստին եւ բեմական կեանքին զուգահեռ, ան իր գործով փաստեց, որ արուեստը կարելի է օգտագործել նաեւ արդար դատերու ծանօթացման նպատակին: Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած՝ «Իլ սոն թոնպէ» («Անոնք ինկան») երգը, իսկ 1988ի երկրաշարժին առիթով՝ «Փուր թուա Արմէնի» («Քեզի համար՝ Հայաստան») երգերով մեծ աղմուկ արձանագրեցին համայն աշխարհին ծանօթացնելով հայ ժողովուրդն ու Հայ Դատը, իսկ 2001էն ետք Ազնաւուր պայքարեցաւ, որ Ֆրանսա օրէնքի ուժով ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք այսօր կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ եւ միասնաբար պիտի տօնախմբենք իր կեանքը, որովհետեւ 1 Հոկտեմբեր 2018ին սկսաւ Շարլ Ազնաւուրի համաշխարհային շրջագայութիւնը անմահութեան ուղիով»: