
Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2013-ին, Ֆրանսայի Նանսի քաղաքին մէջ տեղի
հայկական համայնքը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Արթուր Աւետեանի, կազմակերպած էր յուշ ցերեկոյթ՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Համայնքի հրաւէրով Նանսի ժամանած էր հանրայայտ դերասան
Ժակի Ներսիսեանը: Ցուցադրուեցաւ Հանրի Վերնոյի «ՄԱՅՐԻԿ» ֆիլմը: Ֆիլմէն ետք Աբգարը մարմնաւորող դերասանին հետ տեղի ունեցած հանդիպումը յուզիչ ու տպաւորիչ էր տեղի հայերուն համար:
Հայ Մշակոյթի Տան ուսուցիչներ Ռուզաննա Ադամեան եւ Շուշանիկ Գէորգեան կարդացին հատուածներ Պարոյր Սեւակի եւ Ուիլիամ Սարոյեանի գրութիւններէն, հանդէս եկաւ նաեւ երգիչ Սարգիս Հարոյեանը: