
Նամակագրութիւնը, իրարմէ հեռու գտնուող անհատներու միջեւ հաղորդակցութեան միակ միջոցն էր ատենօք։ Հաղորդակցութիւն, որ ոմանց գրիչին տակ այնքան մշակուած ու գեղեցիկ է որ այսօր, դադրած է այլեւս հասարակ նամակ մը ըլլալէ եւ որպէս արուեստի կտոր կարելի է մեր գրականութեան գոհարներուն հետ դասել։ Այսպիսին են օրինակ, Դանիէլ Վարուժանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Շանթի նման գրողներու նամակները, որոնց ընդմէջէն մենք ոչ միայն իրազեկ կը դառնանք պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններու, այլ նաեւ կը մօտենանք մեր հանճարներու ներաշխարհին, մասնակից կը դառնանք իրենց ապրած վերիվայրումներուն. մէկ խօսքով՝ ա’լ աւելի կը ծանօթանանք իրենց ու իրենց ապրած ժամանակաշրջանին, գեղարուեստի այս նրբակերտ նմոյշներուն շնորհիւ։
Նոյեմբեր 2, 2018-ին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքը մեր առջեւ կը բանայ քսաներորդ դարէն փրցուած էջ մը, որուն հերոսներն են Դանիէլ Վարուժան, Լեւոն Շանթ, Համաստեղ, Արամ Հայկազ, Լեռ Կամսար։ Ուրախալի երեւոյթ էր, երիտասարդ գրասէրներու կողքին լսել նաեւ երեք պատանի գրասէրներու ներկայացումները։ Նախքան այդ սակայն, որպէս հակիրճ նախաբան, հանդիսատեսին հետ կը բաժնենք «Արուեստ նամակագրութեան» խորագիրը կրող 1863-ին կոստանդնուպոլսոյ մէջ տպագրուած գիրքի մը մասին, որ այդ տարիներուն, կը միտէր պատանիներուն փոխանցել նամակագրութեան արուեստը. փաստ մը եւս թէ որքան կարեւոր տեղ կը գրաւէր նամակագրութիւնը այդ օրերուն։ Ներկայացումներուն համապատասխան պաստառները կ՚ընկերակցին խօսողներուն, հաւաքի ընթացքին։
Ալիք Պապողլեան, Խմբակի նոր անդամներէն է. Դանիէլ Վարուժանի կենսագրական տուալները փոխանցելէ ետք, կ՚անցնի իր նամակներուն։ Ապագայ տիկնոջ՝ Արաքսի Թաշճեանին ուղղուած նամակէն կը հասկնանք իրենց տագնապալի յարաբերութեան մասին. անսահման սէր եւ ամէն գնով իրարու հետ ամուսնանալու անխախտ վճիռ։ Հօրեղբօր ուղղուած նամակին մէջ, դէպի «ապագայի ջահ»ը իր երթին համար, յաջողութեան մաղթանք է որ կը հայցէ.- «Յաջողութի՜ւն, այս բառին համար աներեսաբար Ձեզմէ մաղթանքի բոյլ մը կը խնդրեմ, շնորհմանը վրայ չեմ տարակուսիր։» Իսկ իր Արշակ Չօպանեանին ուղղուած նամակին մէջ երիտասարդ գրողին երախտագիտական զգացումներն են որ կը դրսեւորուին, իր գրիչին նկատմամբ Չօպանեանի քաջալերական քայլերուն ակնարկելով։ Նամակները, գրողի կեանքէն փրցուած երեք կարեւոր հանգրուաններու մասին ըլլալէ անդին, գրական գոհարներ են իրենց հարուստ ու պատկերաւոր լեզուով։