
Կազմակերպութեամբ «Բագինե գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 8 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագինեի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում՝ նուիրուած Արմէն Յարութիւնեանի «Նամակներ Պէյրութէնե Բ. նորատիպ հատորին, խմբագրութեամբ՝ Երուանդ Հ. Քասունիի:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագինեի խմբագիր Յակոբ Պալեան: Ան նկատել տուաւ, որ որեւէ խօսք գրականութեան առաջին քայլն է՝ աւելցնելով, որ նամակն ալ խօսք է եւ ենթակային շնորհէն կախում ունի, թէ այդ նամակը ո՞ւր պիտի դասաւորուի պատմութեան ընթացքին եւ ի՞նչ տեղ պիտի գտնէ:
Այնուհետեւ գիրքը ներկայացուց օրուան բանախօս Կարօ Աբրահամեան: Ան սկիզբը կարդաց այս առիթով Պոլսոյ «Մարմարաե թերթի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեանի ուղղած նամակը Արմէն Յարութիւնեանին: Այնուհետեւ իր խօսքը սկսելով՝ Կ. Աբրահամեան յայտնեց, որ մենք շնորհակալ պէտք է ըլլանք Արմէն Յարութիւնեանին, որ առանց ձանձրանալու օրակարգի վրայ կը պահէ սփիւռքի ներկան եւ ապագան յուզող հիմնահարցեր ու տեւաբար զգաստութեան կը հրաւիրէ պատասխանատու վերնախաւը՝ գտնելու համապատասխան լուծումներ: Կ. Աբրահամեան նկատել տուաւ, որ հատորի գլխաւոր նիւթը Ա. Յարութիւնեանի Պոլիս այցելութեան մասին է: Ան յաճախակիօրէն գրած է Մելգոնեան կրթական հաստատութեան, «Շիրակե գրական թերթի, գրողներու համախմբումի ժողովներուն, թաղականութեան, եկեղեցւոյ, հոգեւորականութեան մասին: Կ. Աբրահամեան նաեւ կարդաց հատորին մէջ տեղ գտած կարգ մը նամակներ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ գիրքի խմբագիր Երուանդ Քասունի, որ հաստատեց, որ գիրքը հետաքրքրական է, որովհետեւ մեր առօրեայ կեանքին մասին է: Ան նկատել տուաւ, որ հատորին ընթերցանութիւնը դիւրին եւ հաճելի է՝ աւելցնելով, որ երգիծական կողմը աւելի տեղ պէտք է գրաւէ:
Ապա գիրքի հեղինակ Արմէն Յարութիւնեան նկատել տուաւ, որ ժողովուրդին կողմէ պահանջ կայ, որ ինք նամակներ գրէ, որովհետեւ հարցեր կան, որոնք չեն լուծուիր:
Աւարտին ներկաները կարծիքներ փոխանակեցին գիրքին շուրջ: