
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 3 Յուլիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր հայրենի ուսուցչուհի Նարինէ Յարութիւնեանի մեծարանքի երեկոն՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, համազգայնականներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ նշեց, թէ 1993 թուականին հայրենի արուեստագէտ, տաղանդաւոր թաւջութակահար
եւ սիրուած ուսուցչուհի Նարինէ Յարութիւնեան հաստատուեցաւ Լիբանան, ուր տարիներ ծառայեց «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ իբրեւ ուսուցիչ եւ սենեկային երաժշտութեան դասարաններու պատասխանատու: Քեչեկ հաստատեց, թէ քոլեճին մէջ թաւջութակի բաժանմունքին հիմունքները
զետեղեց Յարութիւնեան, որ տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքով կրցաւ իրականացնել իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, որ շեշտեց, թէ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան գործնական, դաստիարակիչ եւ վարակիչ փորձառութիւնը ունեցաւ, երբ Հայաստանի
անկախութեան վերականգնումէն ետք, հայրենի արուեստագէտներ եւ խումբեր հրաւիրուեցան Լիբանան, որոնց շարքին կը գտնուէր նաեւ ուսուցչուհի Նարինէ Յարութիւնեան: Ան ըսաւ, թէ Յարութիւնեան Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող, լուռ, անշեղ եւ դաստիարակիչ նկարագիրով, արուեստագէտ-երաժիշտի բարձր մակարդակով եւ հոգիով կատարեց ուսուցչութիւնը քոլեճին մէջ:
Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի թաւջութակի աշակերտներն ու սենեկային խումբերը:
Հանդիսութեան աւարտին ՆարինէՅարութիւնեան ստացաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 25-ամեակի յուշանուէրը՝ առ ի գնահատանք իր բազմամեայ նուիրեալ գործունէութեան: Այս առիթով Նարինէ Յարութիւնեան նշեց, որ իրեն համար տարիներու ընթացքին Լիբանանը օտարութեան մէջ փոքրիկ Հայաստան մըն էր, եւ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնը՝ իրողապէս փոքր տուն մը, ուր արուեստն ու մշակոյթը կը պահպանուի:
Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի մեծ ընտանիքին, որ իրողապէս կþիրականացնէ իր ազգային պարտականութիւնը: