Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան թատերական միաւորին, Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, թատերական միաւորը կազմակերպեց այս եղանակին իր «Սինէ քլապ»-ի շարքին երրորդ ներկայացումը` Սերկէյ Փարաճանովի «Սուրամի ամրոցի առասպելը» շարժապատկերը: