
Սփիւռքի պայմաններուն ծանօթ ոեւէ անհատ, անպայման կը գիտակցի, թէ ի°նչ կը նշանակէ հայկական կազմակերպութեան մը գոյատեւումը 40 տարի ազգային մեր ընդհանուր գոյապայքարին համար: Հարցը աւելի ծանր կը կշռէ, երբ կը խօսինք մանաւանդ մշակութային միութիւններու գոյատեւումին մասին: Անոնք են, որ մշակոյթը պահպանելու գիտակից պարտականութիւնը ստանձնած՝ իրենց գործունէութեան առանցքը դարձուցած են անոր յարատեւումը: Սփիւռքի մէջ, Հայերէնը պահպանող ամէնէն զօրաւոր միաւորները մշակութային միութիւններն են անկասկած: Այդ փաղանգին կը պատկանին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան միաւորները:
Ամէն քաղաք, վայր կամ աւան իր յատուկ դժուարութիւնները þþկ°ընծայէþþ հայկական կազմակերպութիւններուն համար: Նիւ Եորքն ալ ունի իր հսկայական խոչընդոտները: Այս քաղաքը ամէն մարզի մէջ իր մագնիսական ահաւոր ուժը ունի: Թուային հասկացողութեամբ հայութիւնը ովասիս մը իսկ չի կազմեր այստեղ... ութ միլիոնի մէջ բուռ մը հայեր միայն...: Մշակութային հասկացողութեամբ մեր ճիգերը յարատեւ բախման մէջ են օտար շրջապատի հսկայական մշակութային նորարարական շարժումներուն եւ արհեստավարժ մօտեցումներուն հետ: Կայ մասնակցողներու բնակարաններու հեռաւորութիւնը, որը կը բազմապատկուի երթեւեկութեան խճողման հետեւանքով: Անդամներ կան, որոնք ԵՐԵՔ ԺԱՄ ինքնաշարժով փորձի կու գան, երբեմն շաբաթը երկու անգամ... Ժամ մը կամ երկու եկողներու մասին չէ խօսքը... ժամ մը՝ Նիւ Եորքի նման քաղաքի մը մէջ, ընդունուած երեւոյթ է... Այս թոհուբոհին եւ նման պայմաններու մէջ յարատեւել, եւ այն ալ քառասուն տարի...իրապէս հպարտ իրագործում մըն է, ո°չ միայն Նիւ Եորքի, այլ համայն հայութեան համար:
Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը իր քառասուներորդ տարեդարձն էր, որ կը տօնէր Մարտ 28, 2008ին Ուուտսայտի Հայ կեդրոնին մէջ:
Ներկայ էին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Գարեգին Աւգ. Քհնյ. Գասպարեան, շրջանիս կազմակերպութիւններու՝ ՀՅԴի, ՀՕՄի, ՀԵԴի, Էսայեան Սանուց, եւ ՔԱՐՍի ներկայացուցիչները, երգչախումբի ղեկավարներէն՝ երաժշտագէտ եւ մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն եւ առաջին ղեկավարը Գրիգոր Փիտէճեան, ամէնէն երկարատեւ ղեկավարը՝ Րաֆֆի Սվաճեան եւ վերջին հինգ տարիներու ղեկավարը՝ Վաղարշակ Օհանեան, մասնաճիւղի գլխաւոր հիմնադիրներէն թատերախումբի հիմնադիրն ու 40 տարիներու ղեկավարը թատերագիր Հրանդ Մարգարեան: Ներկայ էր համայնքի գիտակից տարրը, որ տարիներով վայելէր էր Համազգայինի շնորհած ձեռնարկները:
Յայտագիրը բացաւ Համազգայինի ատենապետ ընկ. Դոքթ. Հրանդ Մարգարեան եւ հրաւիրեց Համազգայինի գլխաւոր հիմնադիրներէն, երբեմնի թատերախումբին եւ երգչախումբին մաս կազմած ընկ. Յարութիւն Մըսրլեանը յայտագիրը վարելու: Ընկ. Մըսրլեան բացման իր խօսքով անդրադաձաւ՝ °°տարիներու ջուրին, որ անցած է կամուրջին տակէն°° եւ շեշտեց մտահոգութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը °°մշակոյթի փոխանցման գալիք սերունդին°°: Ապա ընթացք տուաւ ճոխ եւ բարձրորակ յայտագրի գործադրութեան: Նարեկ Բուդաղեան կիթառի նուագակցութեամբ երգեց Հէքիմեանի՝ Երկու Կռունկ եւ Ամիրխանեանի՝ Անի երգերը: Աստղիկ Բուդաղեան արտասանեց Շիրազի՝ Գտայ եւ Սահեանի՝ Այս մի Բուռ Հողը բանաստեղծութիւնները: Էլէն Օհանեան երգեց Ամիրխանեանի՝ Հայի Աչքեր երգը: Հայաստանէն վերջերս ժամանած դաշնակահար Կարէն Կարապետեան նուագեց Յարութիւնեանի՝ Սասունցիների Պարը: Վիքթորիա Դաւիդովա երգեց Սայաթ Նովայի՝ Քանի վուր ջան իմ երգը: Հանրածանօթ պարիթոն Վաղարշակ Օհանեան երգեց Յովհաննէսեանի՝ Արփա Սեւան եւ Չուխաճեանի՝ Մենք Թորգոմի զաւակներն ենք չենք վախի երգերը: Ներկաները ջերմութեամբ եւ բուռն ծափերով գնահատեցին արուեստագէտները:
Նիւ Եորքի Համազգայինի 40 տարիներու հսկայական գործունէութեան անդրադարձաւ Հրանդ Մարգարեան: Լուսապատկերներու (power point) ցուցադրութեամբ ներկայացուց Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի պատմականը եւ իրագործումները՝ գրական, դասախօսական, գեղարուեստական, երգչախմբային, պարախմբային եւ թատերական մարզերուն մէջ: Հսկայ եւ ծաւալուն գործունէութիւն մը արդարեւ:
Յայտագրի աւարտին խօսք առաւ Տէր Մեսրոպ Լագիսեան, որ դրուատեց Համազգայինի բեղուն գործունէութիւնը յաջողութիւն մաղթելով գալիք տարիներու գործունէութեանց: Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Զարմայր Սեդրաքեան, վեր առաւ Համազգայինի առաքելութիւնը` °°կառչած մնալ Մայրենիին եւ Հայ Ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել Հայ լեզուով եւ Հայ հոգիով°°: Ապա խօսելով այս ափերու մարտահրաւէրներու մասին ըսաւ. °°Բազմաթիւ են անոնք, սակայն անոնցմէ ամենակարեւորն ու դժուարը, այսօրուան երիտասարդութիւնը օտարացնող պայմաններու մէջ, Հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած պահելու հրամայականն է, որովհետեւ անկէ կախեալ է հայկական ինքնութիւնը:°° Շնորհաւորեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղին գործունէութիւնը, յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթելով յառաջիկայ քառասնամեակներուն համար:
Յայտագրին մէկ կարեւոր մասը գնահատագրերու շնորհումն էր այն անդամներուն, որոնք տարիներ ՇԱՐՈՒՆԱԿ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած էին : Արդարեւ առանց այս նուիրեալներուն, Նիւ Եորքի Համազգայինը միայն անուն մը պիտի ըլլար թուղթի վրայ... մինչդեռ այսօր, ան Նիւ Եորքի մշակութային կեանքին մէջ իր յարգարժան եւ առաջնագոյն տեղը կը գրաւէ: Յարգանքի եւ երախտագիտութեան շնորհում ստացան՝ Սօնիա Պզտիկեան, Արեւիկ Գաբրիէլեան, Մառիէթ Գաբրիէլեան, Արմինէ Մինասեան, Պերճուհի Եսայեան, Ռիթա Կիրակոսեան, Նորա Զաքարեան, Ժանէթ Մարգարեան, Յովհաննէս Պզտիկեան, Գրիգոր Գրիգորեան, Արա Գաբրիէլեան, Արիս Սեւակ եւ Զաւէն Վարդանեան: Շնորհագրերը առանձնապէս ընթերցուեցան, ուր արձանագրուած էր իւրաքանչիւր անդամի կատարած աշխատանքին տարողութեան մանրամասութիւնները: Վարչական անդամները անակնկալ կերպով ընկ. Հրանդ Մարգարեանին նուիրեցին բիւրեղեայ ճախրող արծիւի թեւեր, ամերիկեան ծանօթ երգի հետեւեալ բառերու՝ °°Մեր սաւառնող թեւերու քամին ես դուն°° մակագրութեամբ:
Յայտագրի վերջաւորութեան °°ծննդեան°° շնորհաւորանքի արարողութիւնն էր, ուր Շրջանայինի ատենապետ ընկ. Զարմայր Սեդրաքեան եւ տեղւոյն անդամները տարեդարձի կարկանդակը կտրեցին ապա շամփէյնի հետ սկսաւ խանդավառ երգը ղեկավարութեամբ Վաղարշակ Օհանեանի... եւ ինչ պատշաճ... °°Հայաստան, դու մեր կարօտն ես...°° :
Քառասնամեակին առթիւ պատրաստուած էր եւ վաճառուեցաւ յիշատակի գրքոյկ մը, ուր զետեղուած էր միութեան քառասուն տարիներու համապարփակ հսկայական գործունէութիւնը: Ի տես տարուած աշխատանքի տարողութեան եւ յատկապէս կարեւորութեան, մարդ ակամայ կը մտածէ՝ կա՞յ կշիռ մը, որով կարելի ըլլար չափել ծաւալը զոհաբերութեան: Պարզ է, այս բոլորը չէր իրագործուեր եթէ չըլլային °°անձինք նուիրեալք°°ը:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ Նիւ Եորքի Համազգայինի պատմութիւնը կերտեցին եւ Հայ Մշակոյթի յարատեւութեան օղակը ամրապնդեցին...