
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013 թուականը հռչակեց «ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ»: Այս առիթով, Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» Մեկուսի Մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ իր Կերպարուեստի յանձնախումբը Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2013-ին, կազմակերպեցին աշակերտական նկարչական մրցոյթ մը՝ «ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ» խորագրով:
Ձեռնարկին նպատակն էր խրախուսել մանկական հետաքրքրութիւնը գեղանկարչութեան հանդէպ եւ յայտնաբերել նոր տաղանդներ:
Մրցոյթին մասնակցեցան Օհաննէսեան Միօրեայ վարժարանի Գ-Զ դասարաններու աշակերտները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անտենապետուհի Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան։ Ան անդրադարձաւ Վեհափառի պատգամին ու իր խօսքին մէջ նշեց. « Հայ ժողովուրդը հարուստ է իր մշակոյթով եւ ստեղծագործական կարողութեամբ: Այս յատկանիշները ժամանակի ընթացքին անցած են հայու արեան մէջ, եւ ահաւասիկ այսօր այդ մէկը կը յուսանք տեսնել մեր սիրելի փոքրիկ տաղանդաւոր հանճարներուն մէջ»: Ապա ներկայացուց մրցոյթի իրաւարարները՝ Սեւան Խորոզեան Կարճիկեան, Սեւան Գույումճեան Դաւիթեան եւ Ճիւան Յովհաննէսեան, ու հակիրճ բացատրութիւն տուաւ մրցոյթի ընթացքին մասին:
Այնուհետեւ տիկին Կարճիկեան անդրադարձաւ նկարչական պատմութեան մասին ու իրաւարարներու թելադրանքները կատարելէ ետք մրցոյթը բացուած յայտարարեց:
Աշակերտները երեւակայական աշխարհ փոխադրուելով ու թաքնուած ձիրքերը յայտնաբերելով իրենց ստեղծագործութեամբ նկարեցին ՄԱՅՐԸ:
Մրցոյթի աւարտին աշակերտները բացատրեցին իրենց մանկական անմեղ ստեղծագործութիւնները, ապա ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ :
Մասնակցող աշակերտները ուղիղ եթերով Րատիօ Այգի միջոցաւ (www.radioayk.com) ներկայացուցին իրենց գործերը:
Մրցոյթին մասնակցած էին 10 աշակերտներ, որոնցմէ մրցանակի արժանացան՝ Սարգիս Խորոզեան (առաջին), Լորի Կարճիկեան (երկրորդ) եւ Յասմիկ Պէտրճիքեան (երրորդ)։ Միւս մասնակիցները ստացան քաջալերանքի նուէրներ:
Ատենապետուհի Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան շնորհակալութեան եւ քաջալերանքի խօսք ուղեց բոլոր անդամներուն, որոնք աշխատեցան այս ձեռնարկը յաջողցնելու համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց սիրելի ծնողներուն, որոնք քաջալերեցին իրենց զաւակները մասնակից դառնալու սոյն միջոցառումին: