
Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գործակցաբար «Այնճար արթ կելըրի»-ին, Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մուսալեռցի նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտներու` Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի, տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի եւ Վրէժ Թասլաքեանի յիշատակին գեղանկարչական ցուցահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեանը, որ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ «Այնճար արթ կելըրի»-ի անունով բարի գալուստ մաղթեց եւ խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել նորոգ հանգուցեալ մուսալեռցի երեք արուեստագէտներուն յիշատակը: Ապա ան յայտնեց, որ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի առիթով տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններ նախաձեռնողը եղան ստեղծելու եւ քաջալերելու մուսալեռցի արուեստագէտները` անոնց տրամադրելով եւ հանրութեան ներկայացնելով բարենպաստ արուեստի միջավայր մը, սատար հանդիսանալով Այնճարի կրթական հաստատութիւններուն:
Ն. Քենտիրճեան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ սրահին մէջ ներկայացուած հաւաքական նկարչական գործերը կը պատկանին մուսալեռցի 20 արուեստագէտներու: