
Կազմակերպութեամբ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին, Երեքշաբթի 15 Դեկտեմբերին, Ճեմարանի նորակառոյց «Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահ»էն ներս տեղի ունեցաւ Նոր Տարուան Պազարին բացումը :
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ցուցադրուած էին զարդեղէններ, անուշեղէններ, թխուածներ, չիր ու չամիչ, տուրմի զանազան տեսակներ, խմորեղէններ, մանկական գիրքեր, խաղալիքներ, աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքներ, եւայլն:
Բացառիկ երեւոյթ էր այս տարի, աշակերտներուն գեղարուեստական յայտագրով մասնակցութիւնը սոյն պազարին: Այցելող ծնողները միաժամանակ ըմբոշխնեցին իրենց զաւակներուն պատրաստած յայտագիրը եւ Ծնողական Խորհուրդին կողմէ բծախնդրութեամբ դասաւորուած պազարին նորութիւնները:
Երեք օրուան տեւողութեամբ Նոր Տարուան Պազարը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցէն ներս, բոլոր աշակերտները առիթը ունեցան զբօսանքներուն մասնակցելու եւ գնումներ ընելու:
Գնահատելի է Ծնողական Խորհուրդին նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ծնողներուն մասնակցութիւնը: