
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Նունէ Եսայեանի բարեսիրական համերգը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2015-ին Փասատինայի Ambassador շքեղ թատերասրահին մէջ թնդացին Նունէի իւրայատուկ յայտագիրին մաս կազմող ազգայնաշունչ եւ հայրենասիրական երգերը, ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Անի» պարախումբին:
Արդարեւ, Համազգայինի Արեւ-մտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Զուիկ Կէտիկեան իր ողջոյնի խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեանին եւ փոխատենապետ Ռոժէ Խատարեանին, ինչպէս նաեւ՝ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, որոնց բոլորանուէր ճիգերով կ՛իրականանար այս համերգաշարը՝ հոս թէ արեւելեան նահանգներու մէջ: