ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Երիտասարդ ջութակահարուհի եւ մրցանակակիր Նունէ Մելիքի հրաշալի ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Փասատինայի Presbyterian եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի երաժշտական միաւորին:
Նունէն, ընկերակցութեամբ յայտնի դաշնակահար` Յարութ Սէնէքէրիմեանի հիանալի կատարողութեամբ նուագեց Առնօ Բաբաջանեանի, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Կոմիտասի եւ Տիգրան Մանսուրեանի գործերէն:
Երաժշտասէր հանդիսատեսը բարձր գնահատեց տաղանդաւոր արուեստագիտուհին, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի երաժշտական միաւորի վարչութիւնը նման եզակի համերգ նախաձեռնելուն համար: