
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Չորեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2008-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շիրակ» երգարանին նուիրուած երեկոյ մը՝ ներկայութեամբ արուեստասէրներու, արուեստագէտներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համազգայնականներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան, որ նշեց, թէ «Շիրակ» հրատարակչատունը անցնող տասնամեակներուն իր գրական, մանկական եւ դաստիարակչական հրատարակութիւններով մեծ դեր ունեցած է հայ գիրի եւ գիրքի տարածման աշխատանքին մէջ՝ աւելցնելով, թէ Կարապետ Հաննէսեանի աննկուն կամքին իբրեւ արդիւնք, այսօր սփիւռքահայ կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ լիբանանահայ կեանքին մէջ մասնաւորապէս «Շիրակ» երգարանը իր եզակի տեղը ունի:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, որ ներկաներուն հրամցուց ժողովրդական երգերու շարք մը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին բանախօսը՝ Զաքար Քեշիշեան, որ ներկայացուց «Շիրակ» երգարանը:
Քեշիշեան նշեց, որ «Շիրակ» երգարաններու շարանը իր տարիներու հետեւողականութեամբ, քանակով, բազմասեռ երգերու բովանդակութեամբ, ծաւալով, հեղինակութեամբ եւ ժողովրդականութեամբ առանձնայատուկ կարեւորութեան, գնահատանքի եւ երախտիքի արժանի է:
Զաքար Քեշիշեան յայտնեց, որ Կարապետ եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ 1952-ին Լիբանանի մէջ սկսած է լոյս տեսնել «Շիրակ» երգարանը, որուն մէջ երգերու կողքին նաեւ տեղադրուած են հարուստ տեղեկութիւններ հայրենի թէ սփիւռքահայ երաժշտական ականաւոր դէմքերու եւ երաժշտախումբերու մասին, գլխաւոր իրադարձութիւններու մամլոյ անդրադարձներ ու արխիւային լուսանկարներ:
Քեշիշեան նշեց, որ երգն է, որ հայութիւնը կը կապէ իր հայրենիքին եւ իր անցեալին՝ յոյս յայտնելով, որ «Շիրակ» երգարանը կը շարունակէ իր սլացքը:
Ապա «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ջութակահարներու համոյթը նուագեց «Սայաթ Նովա» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք օրուան երկրորդ բանախօս Գրիգոր Շահինեանի խօսքը ընթերցեց Արաքսի Շահինեան:
Ան ըսաւ, թէ Կարապետ Հաննէսեանի հետ գործ ունեցողը տպաւորութիւնը չէր ունենար անդիմագիծ հաստատութեան մը հետ աշխատելու, այլ կը զգար, որ բարի տրամադրութեամբ լեցուն, բծախնդիր եւ պարտաճանաչ մարդոց հետ է գործը:
Շահինեան նաեւ ներկայացուց Կարպիս Հաննէսեանի աշխատանքներն ու գործունէութիւնը՝ մէջբերելով կենդանի վկայութիւններ:
Շահինեան յայտնեց, որ «Շիրակ»ի տպարանին մէջ 1984-էն 1988 հրատարակուած է «Բանբեր Համազգայինի» ժողովածուն, որ օրին Համազգայինի տեղեկատուն էր:
Իր խօսքը եզրափակելով Շահինեան հաստատեց, թէ այսօր Համազգայինը արժանի է իր անունին, քանի որ չի գոհանար միայն իր անդամները պատուելով, այլեւ՝ կը մեծարէ մարդիկ, որոնք Համազգայնական չեն, բայց ծառայած են հայ մշակոյթին եւ արժանի են գնահատանքի:
Երկրորդ բանախօսութեան յաջորդած «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Աբիկ Չոլաքեանի դաշնակի կատարումէն ետք իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան:
Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ Կարպիս Հաննէսեան իր կեանքի 50 եւ աւելի տարիները տրամադրած է հայ ժողովուրդին, որպէսզի հայ երգին ճամբով ոգի տայ նոր սերունդին, ինչ որ մեծապէս գնահատանքի արժանի քայլ մըն է:
Գեղամ եպս. Խաչերեան ըսաւ, թէ երգը կþօգնէ, որ հայ մանուկը իր հոգիին մէջ հարազատ զգայ, ու հայրենանուէր, ազգասէր եւ տագնապ ունեցող մարդը նոր սերունդին երգարաններ նուիրելով պահպանած է այդ զգացումը:
Առաջնորդ սրբազանի խօսքէն ետք Սարգիս Կիրակոսեան ընթերցեց «Գիր օրհնութեան եւ գնահատանքի»ն, որուն մէջ Գեղամ եպս. Խաչերեան բարձրօրէն կþարժեւորէ Կարապետ Հաննէսեանի՝ հայ մշակոյթի բերած նպաստը:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Կարապետ Հաննէսեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին, որոնք կազմակերպեցին ու հովանաւորեցին այս հանդիսութիւնը:
Հաննէսեան հաստատեց, թէ «հայը հայերէն երգով հայ կը մնայ»՝ շեշտելով, որ «Շիրակ» երգարանը ունի նոր ծրագիրներ եւ աշխատանքները յաւելեալ թափով պիտի շարունակուին: