
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան եւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին, միութեան «Կարպեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս եւ գինեձօն Սեւան Հանէշեան Պետուրեանի «Արեգնատենչ Հորիզոններ» նորատիպ բանաստեղծական հատորին:
Օրուան հանդիսավարն էր միութեան ատենապետուհի Եսթեր Չէլէպեան Թոկնոզի: Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գրական միաւորի անդամ Րաֆֆի Մելքոնեան: Ան ներկայացուց բանաստեղծը եւ անդրադարձաւ հայ գրականութեան կարեւորութեան, մանաւանդ օտար ափերուն մէջ:
Բանաստեղծական հատորը ներկայացուց Քեսապի զաւակ Ցոլակ Աբէլեան: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ հատորին բովանդակութեան, որ նուիրուած է Քեսապի արեգնատենչ հորիզոններուն. այս երկու բառերուն ընդմէջէն հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ հորիզոնները արեգակին տենչը ունին եւ միշտ կը փնտռեն այդ արեւը: 103 բանաստեղծութիւններէ բաղկացած հատորը ունի 11 գլխաւոր բաժիններ:
Առաջին բաժինին մէջ կան 12 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը խօսին կեանքին եւ հոգիին մասին: Հոգին եւ կեանքը տիրական ներկայութիւն են այս հատորին մէջ եւ կանչ մը կայ գիւղէն՝ սիրտին, հոգիին խորքէն կանչ մը դէպի կեանք. ժպիտ մը կայ այնտեղ, ուր կը տեսնենք բանաստեղծին հոգին: