
Հովանաւորութեամբ` Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 9 Յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Սահակեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Քեսապի կեանքէն դրուագներ եւ տաղեր» գիրքին շնորհանդէսը:
Շնորհահանդէսին իրենց ներկայութիւնը բերած էին` գիւղիս երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւները, Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեան անդամները, դպրոցներու տնօրէնութիւնները եւ ուսուցչակազմերը, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ Քեսապահայ մշակութասէր ժողովուրդը:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ զոյգ հայրենիքներուն քայլերգներով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղիս ատենապետ Արա Քէշիշեանը։
Քեսապի բարբառով «Շուօր Շէրի» կտորը արտասանեցին 6-րդ կարգի աշակերտներէն Ալիք Լնդեան եւ Նարեկ Քէշիշեան, որոնց նուագով ընկերակցեցաւ Արփի Քորթմոսեանը։
Յովիկ Դանելեան մեներգեց «Հուգէն Իրիս Մուտոր» հանրածանօթ Քեսապերէն երգը, որուն յաջորդեց 5-րդ կարգի աշակերտներէն Մեղրի Մալաթջալեանին ընթերցումը նոր լոյս տեսած գիրքէն «Արամ Ամմին» դրուագը։
Վարչութենէս Ալիս Սուլեան Թրթռեանը ներկաներուն ծանօթացուց պրն. Ժիրայրին կենսագրութիւնը։
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Սօսի Կարճիկեան, հաճելի եւ տպաւորիչ մէջբերումներով ներկայացուց «Քեսապի կեանքէն դրուագներ եւ տաղեր» գիրքը:
Արդարեւ բարձր ծափողջոյններով հրաւիրուեցան խումբ մը կամաւոր մշակութասէր տիկիններ եւ ընկերուհիներ, որոնք ներկայացուցին հեղինակին ստեղծագործութիւններէն երեք երգեր, որոնց երաժշտութեան մշակումը կատարած է քեսապի զաւակ`Անդրանիկ Քէօշկէրեանը: Արժէ յիշել որ սոյն ձեռնարկին առաջին անգամ հնչեցին «Պըր դառնունք» եւ «Սիւ էմպուօծ ուօր» երգերը, որոնց յաջորդեց «Հէն միր գիէղը» խմբերգը:
Այնուհետեւ Քեսապի աշուղ՝ պրն. Ժիրայրը հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը։ Ան յուզումնախառն զգացումներով յայտնեց իր երախտագիտութիւնը։ Ապա ընկ. Արա յուշանուէր մը փոխանցեց հեղինակին, իր նուիրումին ու բոլորանուէր հրատարակութեան համար:
Արդ` հեղինակին կողքին հրաւիրուեցան հոգեւոր հովիւները Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեան անդամները եւ մասնաճիւղիս ատենապետին մասնակցութեամբ եւ ձեռամբ տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը:
Այս առիթով, հոգեւոր հովիւները փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւնները եւ արտասանեցին իրենց ողջոյնի խօսքերը, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեցին օրուան հանդիսութիւնը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։
Ծանօթ
Քեսապի կեանքէն դրուագներ եւ տաղեր» գիրքը փափաքողներէն կը խնդրուի դիմել վարչութեան։