
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, 13 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ գրական այդ հանդիպումով մեկնարկը կը կատարեն ձեռնարկներու շարքի մը, որուն ընդմէջէն, «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը եւ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնաճիւղը համագործակցաբար պիտի կազմակերպեն գիրքերու շնորհահանդէսներ եւ գրական-մտաւորական լսարանային հանդիպումներ: Ըստ անոր, թէեւ կայ այն տպաւորութիւնը, որ հայ մտաւորական կեանքը հետզհետէ աւելի կը խամրի, մտաւորականներ, գրողներ կը լքեն պատնէշը, անոնք ազդու խօսք չունին այլեւս, բայց եւ այնպէս, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, տակաւին կը մնան հայ մտքի մշակներ, ձեւով մը մարտիկներ, որոնք տակաւին կը ստեղծագործեն եւ իրենց ստեղծագործական աշխատանքով կու գան բան մը աւելցնելու հայ գրականութեան բազմադարեան ժառանգութեան վրայ:
Ժագ Յակոբեան նշեց, որ այդ սակաւաթիւ մտքի մշակներէն մէկն է գրող Պօղոս Շահմելիքեան, որուն նոր լոյս տեսած «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» հատորը յուշագրական բնոյթի գեղարուեստական պատկերներով ստեղծագործութիւն մըն է, որուն նուիրուած է այդ երեկոն: