
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, վերջերս, «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շողակն»ի ժողովրդային, ազգագրական ու աշուղական երգերու ելոյթը:
«Շողակն»ը ութ արուեստագէտ-երաժիշտներէ բաղկացած խումբ մըն է, որ կը գործածէ զուտ հայկական նուագարաններ, ինչպէս՝ տուտուկ, քամանչա, քանոն, շուի եւ տհոլ: Խումբին կ'ընկերակցին Յասմիկ եւ Ալեքսան Յարութիւնեաններուն երգն ու պարը: Կազմակերպիչ մասնաճիւղին անունով Ռուբինա Գասպարեան յայտարարեց, թէ 2008 տարեշրջանի այս առաջին ձեռնարկով պաշտօնապէս բացումը կը կատարեն Համազգայինի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն: Ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց «Շողակն» խումբի ծագումին եւ գործունէութեան շուրջ եւ մէջբերումներ ըրաւ «Շողակն»ի մասին ամերիկացի կարգ մը երաժշտագէտներու մտածումներէն ու թերթերէն: