
Երբ մեր գրականութեան էջերը թերթենք, հոն կը հանդիպինք գրողներու, որոնք նաեւ իբրեւ ուսուցիչ իրենց որոշիչ դերը ունեցած են հայ լեզուի ուսուցման մէջ յատկապէս եւ հայեցի դաստիարակութեան գործընթացին մէջ ընդհանրապէս։ Կիրակի, 24 Մարտ, 2019-ին, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը թեւակոխեց իր ութերորդ տարեշրջանը. ամսուան լուսարձակը եօթը գրողներու վրայ էր, եօթը իւրայատուկ դէմքեր, իւրաքանչիւրը ինքնին անծայրածիր աշխարհ մը։
Սկսինք 1800-ներէն։ Անուն մը, որուն կը հանդիպի միայն հայ գրականութեամբ հետաքրքրուողը՝ Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860-1915)։ Նշմարած կրնաք ըլլալ դէմքը Եղեռնի ոգեկոչման հանդիսութիւններուն ընթացքին։ Արմինէ Թորիկեան, սեղմ վայրկեաններու մէջ կը ներկայացնէ զայն, ծննդավայրէն՝ Թլկատին (Խարբերդի շրջան), մինչ իր նահատակութիւնը՝ 1915։ Թլկատինցի եղած է մանկավարժ, ուսուցիչ, տնօրէն. հեղինակ է բազմաթիւ պատմուածքներու, վէպերու, թատրերգութիւններու, որոնց մէջ գլխաւոր տեղը կը գրաւէ գաւառը. գրած է Եղեռնի շրջանին հայ գիւղացիին կրած տառապանքին մասին։ Երկար տարիներ վարած է Ս. Յակոբ թաղի վարժարանը. 1887-ին հիմնադրած է Խարբերդի կեդրոնական ազգային վարժարանը, որուն տնօրէնը եղած է մինչ իր նահատակութիւնը։ Թլկատինցիի ընտանեկան անդամները եւս Եղեռնի զոհերէն են։ Իր գործերէն նշենք «Գլխուդ ջուր դիր», «Այգիիս փշենին», «Կտակը», «Գաւաթ մը միայն», «Ճշճղուկներու դատաստանը», «Իմ բախտս», «Ախ Աստուա՜ծ Աստուա՜ծ». գրած է նաեւ «Ո՞ր մէկուն ետեւէն» եւ «Էնդի դէմէն» թատերախաղերը։ Թլկատինցիի աշակերտներէն էր ապագայ գրող, ուսուցիչ եւ խմբագիր Ռուբէն Զարդարեան, ինք եւս նահատակ գրողներու շարքին։ Արմինէ կը ներկայացնէ Թլկատինցիի գործերէն մին, ուր ի յայտ կու գայ գրողին ինքնատիպ ոճը։
Թլկատինցիի սերնդակիցներէն՝ Սիպիլի մասին կը լսենք Արտա Տէր Յակոբեանէն։ Սկիւտարի ծնունդ Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր, 1863-1934) իբրեւ արձակագիր, բանաստեղծ, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ իր գործօն դերակատարութիւնը ունեցած է։ Դասաւանդած է նախ գաւառներուն մէջ, ապա՝ կոստանդնուպոլսոյ։ Հիմնադիրներէն եղած է Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութեան. ընկերութիւն մը, որուն նպատակն էր Կոստանդնուպոլսոյ, մանաւանդ գաւառներուն մէջ դպրոցներ բանալ աղջիկներու համար։ Կիներու հանրային դերակատարութեան աշխուժացման ու հայ որբերու եւ կարիքաւորներու պաշտպանութեան գործընթացին մէջ իր որոշիչ դերը ունեցած է։ Զապէլ Ասատուր կը տիրապետէր հայերէնին ու ֆրանսերէնին։ Ակնարկելով իր ստեղծագործական վաստակին, մեծն Յակոբ Օշական այսպէս արտայայտուած է.- «Սիպիլի բանաստեղծութիւնը անթերի ձեւերու, մետաքսէ ոլորտներու, ծիրանի ու փրփրուտ ժանեակներու, ոսկի դանակներու, թռչող բոյրերու եւ աչք առնող գոյներու զարմանալի խառնուրդ մըն է…։» Արտա տպաւորիչ կերպով կ՚ընթերցէ իր բանաստեղծութիւններէն «Մենաստանին կոյսը», ուր անմիջապէս ի յայտ կու գայ Զապէլ Ասատուրի վճիտ լեզուն, գունագեղ ու նրբահիւս գրականութիւնը։ Իր ամենէն նշանաւոր գործերէն կը համարուի «Աղջկան մը սիրտը» վէպը, իսկ «Ցոլքեր» բանաստեղծական հատորով Զապէլ Ասատուր յաւելեալ ճանաչում կը ստանայ: «Թանգարան» դասագիրքերու շարքը իր եւ ամուսնոյն՝ գրող Հրանդ Ասատուրի միացեալ ջանքերուն արդիւնքն է, հայոց լեզուի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան աղբիւրներէն էր այդ տարիներուն։ Իր աշակերտներէն եւ ապագայ գործակիցներէն է գրող եւ հասարակական գործիչ Հայկանուշ Մառք։
Հայ ուսուցիչը հիմնական տեղ գրաւած է սերունդներու դաստիարակման մէջ։ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանէն Նորա Պօղոսեան կը մեներգէ «Սիրելի ուսուցիչ»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ ծանօթ սոփրանօ, դաշնակահար եւ երգի ուսուցչուհի Սոնա Յովսէփեանի։
«Ամենանշանաւոր մարդէն իսկ մահը անուն մը կը ձգէ միայն, երկու խեղճ բառերու մէջ ամփոփուած անուն մը։ Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին՝ ատիկա մարդուս գործն է»: Անունը՝ երկու բառ, Լեւոն Շանթ. գրական, քաղաքական եւ կրթական մարզերուն մէջ վաստակը՝ անգնահատելի։ Բուն անունով Լեւոն Սեղբոսեան. 1869 թուին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ծնած, փոքր տարիքին հայր ու մայր կորսնցուցած, Կոմիտասի հետ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը յաճախած, ապա Եւրոպա ուսանած, Պոլսոյ, Թիֆլիսի Մարսէյլի, Գահիրէի ու Պէյրութի մէջ դասաւանդած։ Դասագիրքերու հեղինակ, երկար տարիներու մանկավարժ, ուսուցիչ, տնօրէն. Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ, հիմնադիրներէն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, գլխաւոր հիմնադիրը եւ առաջին քսան տարիներու տեսուչը Համազգայինի Ճեմարանին, ուր միաժամանակ կը դասաւանդէ մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն: Պահ մը շունչ առնենք, փորձենք ըմբռնել, թէ ի՛նչ մեծութեան մասին է որ կը խօսինք։ Զիս տպաւորած են իր միտքը, դէպի ապագայ ձգտելու եռանդը, կեանքի հանդէպ ունեցած իր տեսակէտները, մարդ էակին հանդէպ իր համոզումները, կրթութեան նկատմամբ անդրդուելի կամքը։ Գալով գրականութեան, Լեւոն Շանթի կնիքը ըստ մեծն Յակոբ Օշականի, իր թատրերգութիւններն են առաւելաբար. «Շղթայուածը», «Հին Աստուածները» եւայլն. «Թէեւ իր գործը Մխիթարեան վարդապետի մը նախանձը շարժելու չափ բազմազան է»,- կը գրէ Օշական։ Շանթի ապրած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններէն, Եղեռնէն հեռու մնացած է գրիչը. իր արդարացո՞ւմը՝ - Աւելի բարձր մարդկութեան մը կերտումին իր հետապնդումն է։ Կը լսենք «Ես պատրանքը սիրեցի» բանաստեղծութիւնը ՀՕՄ-ի Լափոյեան երկրորդականի աւարտական կարգի աշակերտ Արիս Չուլճեանի մեկնաբանութեամբ։
Յակոբ Օշական (1883-1948). այնքան մեծ է իր համբաւը, որ երբեմն կ՚անճրկինք. ինչպէ՞ս խօսիլ մեր մեծագոյնը նկատուած գրաքննադատին մասին, առանց մտածելու թէ արդեօք անդի աշխարհէն ի՞նչ կ՚ունենայ ըսելիք մեր գրածին կամ խօսածին մասին։ Ներկայացնողը Տարօն Հալաճեանն է. ինք եւ Արեն Մնացականեանը միասնաբար աշխատած են իր մասին տեղեկութիւնը համադրելով։ Իր աշակերտներէն Մուշեղ Իշխան, «Իմ Ուսուցիչներս» գիրքին մէջ հետեւեալ դէպքը կը նկարագրէ։ Մուշեղ Իշխանի դասընկերներէն մէկը, գրասեղանին ետեւը մաքսանենգութեամբ թուաբանութեան խնդիր կը լուծէ, երբ Օշական, Վահան Թէքէեանի գործերէն մէկը վերլուծելու վրայ էր։
- Դուրս, շուտ դուրս դասարանէն։ Սատկելիքներ, ես հոս Թէքէեան վերլուծեմ, հայ լեզուի եւ բանաստեղծութեան արժէքներու մասին խօսիմ եւ դուք դիմացս նստած ծռտի մռտի բաներով զբաղիք։ Գետնին տակը անցնին աշխարհիս բոլոր գիտելիքները։ Ասիկա հայ գրականութիւն է, հայ հոգի, հայ շունչ. եւ խօսողը Օշականն է, դուք պէտք է ականջ կտրիք»:
Յակոբ Օշական (Քիւֆէճեան) ծնած է Պուրսա։ Արմաշի դպրեվանքին մէջ սկսած ուսումը ընդհատած է աղքատութեան պատճառով։ Ինքնաշխատութեամբ տիրացած է գրականագիտական բարձր զարգացումի՝ դառնալով մեծահամբաւ քննադատ, ուսուցիչ, գրող, խմբագիր։ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ու Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն կը վարէ։ Այդ տարիներուն է, որ կը հրատարակէ իր վէպերը. «Ծակ-Պտուկը», «Հաճի Ապտուլլահ», «Մնացորդացը» եւայլն։ Ապա կը խմբագրէ տասը հատորներէ բաղկացած «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութիւն»ը։ Ունի անհամար վերլուծական ուսումնասիրութիւններ, գրաքննադատական գործեր։ Կը մահանայ Հալէպ, ուր հրաւիրուած էր իր յոբելեանի նշումին առիթով։ Յակոբ Օշականի մեծ շնորհներէն մէկը կը նկատուի իր ոճին խտութիւնը, ինքնայատուկ համը։ Մուշեղ Իշխան կը գրէ.- «Կը սիրէր ու կը հաւնէր այն բոլորը, ինչ որ հոգիէն փրթած է, արիւնով գրուած, ինչ որ «իրաւ» է եւ կեանքով բաբախուն։ Ուխտեալ պատերազմ կը մղէր անբովանդակ կամ արուեստականօրէն իրարու հիւսուած բառերու հանդէսին դէմ»: Իր հերոսները խոնարհ գիւղացիներ են յաճախ։ Տարօն կ՚ընթերցէ «Խոնարհները» հատորէն բաժին մը։
Լեւոն Շանթի աշակերտներէն ապա գործակիցներէն է Մուշեղ Իշխան, որուն աշակերտած են շատեր Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն ներս, եւ որուն գրական վաստակը՝ թատերախաղեր, բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, վէպեր, «Արդի հայ գրականութիւն» դասագիրքերու շարքը ամփոփուած է բազմաթիւ հատորներու մէջ։ Վարագ Պապեան, խիտ գիծերու մէջ կու տայ Մուշեղ Իշխանի կենսագրական եւ գրական յատկանիշները։ Մուշեղ Ճենտերէճեան ծնած է 1914-ին, Սիվրիհիսար. ծննդեան թուականը կը ճշդուի, երբ երեք տասնամեակներ ետք կը վերամիանայ մօրը, որմէ բաժնուած էր աքսորի տարիներուն։ Ան կը գրէ՝ «Մանկութեանս վերջին լաւագոյն տարիները անցած են Դամասկոս։ Վկայական ստացած եմ Հայոց ազգային վարժարանէն. արհեստ սորվելու ձախող փորձերէն ետք յաջողեցայ ինքզինքս նետել Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, ուր մնացի դպրոցական երկու տարեշրջան, աշակերտելով Յակոբ Օշականին»: Օշականի ազդեցութիւնը մեծ կ՚ըլլայ Մ. Իշխանի վրայ. «Իմ ուսուցիչները» գիրքէն հատուած մը կ՚ընթերցէ Վարագ։ Մուշեղ Իշխան մանկավարժութեան կը հետեւի Պելճիքայի մէջ եւ մինչ իր մահը՝ 1990-ը կը մնայ ուսուցիչի իր պաշտօնին վրայ, Ճեմարանէն ներս։ Իր նշանաւոր գործերէն են՝ «Մնաս բարով, մանկութիւն», «Հացի եւ լոյսի համար», «Հացի եւ սիրոյ համար», «Սառնարանէն ելած մարդը», «Տուներու երգը», «Ոսկի աշուն», «Տառապանք», «Իմ ուսուցիչներս» եւ ուրիշներ։ Եղած է նաեւ խմբագիրներէն «Ազդակ» օրաթերթի։Վարագի սրտին մօտ է հօրը՝ լուսահոգի Գալուստ Պապեանի գրասեղանին դիմաց, պատին վրայ կախուած Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութիւնը, թարգմանութիւնը՝ Մուշեղ Իշխանի, զոր ապրումով կը ներկայացնէ Վարագ։
Մուսա լերան արմատներէն սերած, ազատատենչ հայու անվեհեր ոգիով սնած, Մաշտոցի կախարդանքով զօրացած, հայ, հայրենիք, հայութիւն, հայ լեզու իր աւիւնը դարձուցած, «վարպետ»ին՝ Յակոբ Օշականի շունչով տոգորուած, աւելի քան վեց տասնամեակներու վրայ կուտակուող գրական, գրաքննադատական խմբագրական ու կրթական տիտանական վաստակի տէր՝ Պօղոս Սնապեան։ Բախտաւորութիւնը ունեցած եմ անձնապէս իր շունչը զգալու անցեալին, Ազդակի խմբագրատան մէջ, թուղթերու ու ձեռագիրներու ետին, իր տան՝ անծայրածիր ու անհամար գիրքերով ողողուն աշխարհին մէջ։ Իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է ազգային վարժարաններու մէջ, միեւնոյն ժամանակ գրական եւ գրաքննադատական գործեր լոյս ընծայած է։ «Բագին» գրական հանդէսի խմբագիր 42 տարիներ անընդմէջ։ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր, հայ գրականութեան դասախօս՝ Համազգայինի «Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկ»ի աւարտական երկու դասարաններուն, քսան տարի շարունակ. 30-է աւելի ինքնագիր մատեաններ. կազմած ու խմբագրած է ութսունէ աւելի հատորներ հայ մեծանուն գրողներէ, որոնց շարքին է նաեւ իր ուսուցիչը՝ Յակոբ Օշական։ Մէկ խօսքով, ամբողջ կեանքը ապրած ու շնչած է հայ գրականութեամբ։ Իր աշակերտներէն եւ ապագայ գործակիցներէն ինքնին ուսուցիչ եւ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան հետեւեալը կ՚ըսէ.- «Իբրեւ ուսուցիչ, Պօղոս Սնապեանի մեծագոյն արժանիքը այն էր որ կրցաւ իր անհուն սէրը, իր կիրքը հայ գրականութեան, հայ լեզուին հանդէպ փոխանցել մեզի»։
«Արեմտահայ գրականութեան օրրան Պոլիսը երբեք չցամքեցաւ» կը գրէ խմբագիր, մտաւորական Նազարէթ Պէրպէրեան, ակնարկելով բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի։ Ռուբէն Ճանպազեանի համադրած ներկայացումը իր բացակայութեան կ՚ընթերցէ Արեն Մնացականեան։ Խրախունի կը գրէ.- «Իմ կենսագրութիւնը շատ պարզ է. կարելի է զայն մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփել։ Եթէ անկարեւոր մանրամասնութիւններ մէկդի դնենք, այսինքն, օրինակ՝ նկատի չառնենք որ ծնած եմ Եշիլգիւղի մէջ 16 Հոկտեմբեր 1926-ին, մկրտուած եմ եւ Ս. Միւռոն ստացած տեղւոյն Ս. Ստեփանոս եկեղեցիի աւազանին մէջ, ուսմանս սկսած եմ դարձեալ գիւղիս Գափամաճեան վարժարանէն, յետոյ շարունակած՝ Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան լիսէին մէջ, զոր պատուոյ ցանկին վրայ 1945-ին աւարտելէ յետոյ՝ տարի մը իրաւաբանութեան հետեւելէ ետք, անցած եմ Գրականութեան Ֆաքիւլթէի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան բաժինը, ուրկէ չորս տարիէն վկայուած եւ 1951-ին առաջին անգամ գացած եմ Փարիզ, քիչ մը եւս խորանալու համար գեղարուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան անյատակ հորին մէջ,- առանց անշուշտ խեղդուելու… հինգ տարի Էսաեան լիսէի մէջ, երկու տարի ալ Կեդրոնականի մէջ ուսուցչութիւն ըրած եմ, յաջողելով առաւելապէս հասցնել երիտասարդ բանաստեղծներ եւ գրողներ, քան թէ՝ ապագայի մեծ նուիրատուներ…»։ Խրախունի լոյս ընծայած է աւելի քան 25 հատորներ. Ունեցած է խմբագրական աշխոյժ գործունէութիւն եւ կատարած է թարգմանութիւններ։ Արեն կ՚ընթերցէ իր բանաստեղծութիւններէն «Մեսրոպատօն»ը։ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի բառերով՝ «Ան ալ եղաւ Մեսրոպ Մաշտոցին իսկական աշակերտներէն մէկը եւ Մեսրոպին հանդէպ իր պարտքը վճարեց ստեղծելով Մեսրոպատօնը…»:
Մտածել կու տայ, թէ արդեօք մենք, այսօր, Մեսրոպին հանդէպ պարտքի զգացում ունի՞նք։
Գրասէրներու խմբակի տարեդարձի կարկանդակին հատումով եւ ուսուցիչներուն վարդերու տուուչութեամբ կ՚աւարտենք Հաւաքը։
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան