
Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը Կիրակի, 2 Մայիսին, կազմակերպեց առցանց «Ուսուցիչներու Գնահատանքի Օր» մը։ Օրուան հիւրերն էին՝ Ուոթըրթաունի Ս.Ստեփանոս նախակրթարանի տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական (ԳԶՎ) վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան եւ Թորոնթոյի ՀՕՄի Ազգային վարժարանի հայոց լեզուի պատասխանատու ուսուցչուհի Յասմիկ Պապեան։ Հարցազրոյցը վարեց Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Մանուկեան։
Խօսակցութեան սկիզբը ի յայտ եկաւ, որ երկու տնօրէնուհիներն ալ իրենց համալսարանական ուսման տարիներուն գիտական ճիւղի հետեւած էին։ Երկուքն ալ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շրջանաւարտներ են։ Պոյամեան վկայեալ է «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանէն՝ իբրեւ դեղագործ, իսկ Անտոնեան Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է Պսակաւոր գիտութեան վկայական՝ քիմիագիտութեան ճիւղին մէջ։
Զուգադիպութեամբ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, երկուքն ալ Միացեալ Նահանգներ գաղթած են 1980ական թուականներուն: Պապեան շրջանաւարտ է Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային վարժարանէն. իր հայագիտական ուսումը ստացած է «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանին նոյն, նոյն ժամանակամիջոցին դասաւանդելով Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: