
Ուրբաթ 10 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ, Ուսուցչաց տօնին առիթով, Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիքի երեկոյ մը, որուն ընթացքին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան խօսք առնելով անդրադարձաւ ուսուցիչներուն ունեցած կարեւոր դերակատարութեան՝ հայ արուեստի եւ մշակոյթի տարածման եւ պահպանման մէջ եւ անոնց մաղթեց ուժ, կորով եւ առողջութիւն:
Երեկոն իր ներկայութեամբ ճոխացուց միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան, որ ելոյթ պիտի ունենայ յառաջիկայ Շաբաթ, 18 Մարտին, Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի սրահին մէջ, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին: Արուեստագէտը բարձր գնահատեց Համազգայինի դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչին կարեւոր դերին՝ հայ մշակոյթի պահպանման մէջ: Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոն կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: