
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Թատերական միաւորը Փետրուարի վերջին շաբաթը, Պըրպենքի «Քալընի» թատերասրահին մէջ հրամցուց բաւական յաջող գործ մը՝ «Չիկարելիի Արկածները», որ հիմնականին մէջ հասցէագրուած էր մանուկներու եւ պատանիներու, սակայն վստահաբար երէց սերունդի ներկայացուցիչներ եւս շաբաթավերջի երկու օրերուն հաճոյքով հետեւեցան ներկայացումին, որ ունէր լայն իմաստով դաստիարակչական բնոյթ, կ՛արծարծէր մեր հայրենիքն ու ընդհանրապէս մարդկային արդի ընկերութիւնը յուզող հարցեր՝ շահամոլութիւն, գողութիւն, բնութեան պահպանում եւ մասամբ նորին։
Այստեղ միայն քանի մը նախադասութեամբ պիտի անդրադառնանք բեմադրութեան կարգ մը երեսներուն, որովհետեւ մեզ խանդավառողը՝ նոյնինքն այս գործին շարք մը «յետին» յատկանիշներն էին, որոնք երեւոյթներու շարանի մը մաս կը կազմեն։
Բեմ հանուած գործը հեքիաթային պատմութիւն մըն էր, որ մատուցուեցաւ երգախառն, պարային բաւական հարուստ շարժումներով, հեքիաթին մթնոլորտին համապատասխան զգեստաւորումով, բայց մանաւադ արագ կշռոյթով ու հեզասահ թաւալումով։ Ըստ կարելւոյն օգտագործուած էին «համեստ» բեմին կարելիութիւնները. կատարուած էր պատշաճ բեմայարդարում (մանր հպումներ կրնային բեմին պարտադրած սահմանափակումները դարմանել, սակայն չենք ուզեր կանգ առնել անոնց վրայ), իսկ լոյսի խաղերը հարազատ էին բեմական միւս արժանիքներուն։
Քիչ մը աւելի ծանրանանք բեմադրութեան զուգահեռ մեր նկատած՝ ի՛սկապէս դրական երեսներուն վրայ։