
«Ազդակ» օրաթերթ.- Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ ներկայացուց Հայկ Յակոբեանի «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» թատրերգութիւնը` արաբերէնով:
Սրահը լեցուն էր արաբ եւ հայ թատերասէրներով, որոնք անհամբեր կը սպասէին երկու դերասաններու` Սենտի Ղազարեանի ու Նժդեհ Մկրտիչեանի հետաքրքրական խաղարկումին:
Վարագոյրը բացուելէն ետք, կնկաբոյժ տոքթ. Համբիկը, որ հայ ծագումով տեղացի բժիշկ մըն էր, պատահականօրէն կը յայտնուի տան մը մէջ, ուր կը փորձէ վերջ տալ իր դժբախտ կեանքին, սակայն ճակատագիրը զինք դէմ յանդիման դնելով Ղազարեանի կերպարին հետ` նոր ծալքեր կը բացուին, եւ նիւթը զարգացում կը ստանայ զաւեշտական եւ կատակերգական դարձուածքներով:
Զոյգ դերասաններու ճկուն եւ հրապուրիչ խաղարկութիւնը գրաւեցին հանդիսատեսին ուշադրութիւնը եւ ժպիտով զարդարեցին ներկաներուն դէմքերը: