
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Երկուշաբթի, 15 Մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչ Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեանի «Երաժշտութիւն. Պատմութիւն եւ տեսութիւն» գիրքին գինեձօնը:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ լուսարձակի տակ առաւ երաժշտութեան համամարդկային լեզու հանդիսանալու երեւոյթը` նշելով, որ անիկա եւս ունի իր պատմութիւնը: Արդարեւ, անոր արմատները կը հասնին մինչեւ մարդկութեան սկիզբ, կը պատմեն այն զարգացումին մասին, որ երաժշտութիւնը ապրած է ու կ’ապրի մարդկութեան զարգացման զուգահեռ: Անոր համաձայն, երաժշտութիւնը խօսքէն աւելի հին ու համամարդկային է:
Վահրամ Էմմիեան դիտել տուաւ, որ երաժշտութեան պատմութիւնը պարտադիր նիւթ է երաժշտութեան ոեւէ ուսանողի համար, սակայն անիկա նաեւ կը հետաքրքրէ ուրիշներ, որովհետեւ երաժշտութիւնը հասկնալու համար պէտք է ծանօթ ըլլալ անոր պատմութեան, որ շատ ընդարձակ է եւ մանրամասն: Այս առումով ան ողջունեց Խաչատուրեան ընտանիքին մեկենասութեամբ լոյս տեսած Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեանի «Երաժշտութիւն. Պատմութիւն եւ տեսութիւն» գիրքը, որ 172 ընթեռնլի եւ գեղազարդ էջերու մէջ կը ներկայացնէ ընդարձակ պատմութիւնը` օգտակար ըլլալով թէ՛ երաժշտասէրին, թէ՛ ալ ընդհանուր զարգացմամբ ու գիտելիքներու հարստացմամբ հետաքրքրուած անհատին: