
Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանի հիմնադրութեան 25 ամեակը փառաւոր կերպով նշուեցաւ Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին Willoughby-ի Concorse շքեղ հանդիսասրահին մէջ։
Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեիւնը, ներկայ էին գաղութիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աղան Արք. Պալիօզեան եւ կղերական հոգեւոր հայրեր, հայկական կազմակերպութիւններու, կրթական եւ մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, պետական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Ճեմարանի բարերարներ եւ երաշխաւորներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 600 հանդիսատեսներ ու ծնողներ։
Գեղարուեստական յայտագրին ընթացքին հարազատօրէն հնչեցին հայ երգն ու երաժշտութիւնը, վերակենդանացան հայ գրականութեան դասական կտորները, հանդիսաբեմը ծաղկեցուցին հայկական պարն ու թատերական ներկայացումները։ Այս բոլորը տեղի ունեցան կատարողութեամբ Ճեմարանի աշակերտութեան։ Ելոյթի հայկական շունչն ու ոգին արժանավայել կերպով կու գար արդարացնելու Ճեմարանի հիմնադիր բարերարներ հանգուցեալ Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըններու գլխաւոր նպատակը այս հաստատութեան հիմնադրութեան՝ հայը հայ պահել այս օտար ափերուն վրայ։
Յայտագրի ընթացքին շնորհաւորական խօսքեր ու յաջողութեան բարեմաղթանքներ արտասանուեցան Ճեմարանի պատասխանատուներու եւ պատկան մարմիններու կողմէ։ Անոնք ընդգծեցին Ճեմարանի կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս եւ շեշտեցին գաղութի աջակցութեան ու զօրակցութեան անհերքելի կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր հայկական վարժարանի հանդէպ անխտիր։
25 ամեակի հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ երգեցողութեամբ «Շնորհաւոր Տարեդարձ»ի, որուն ընթացքին տարեդարձի կարկանդակին վրայ մանկապարտէզի աշակերտները մէկական մոմ զետեղեցին խորհրդանշելով Ճեմարանի յարատեւութիւնը։
Կը մաղթենք, որ 25 ամեայ այս տօնակատարութիւնը նոր հանգրուան մը հանդիսանայ ամրապնդելու մեր հաւատքը հանդէպ այս հաստատութեան եւ բանայ լուսաւոր նոր դռներ դէպի նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ։
Շնորհաւոր 25-րդ տարեդարձ, սիրելի՛ Գօլստըն Ճեմարան։
Նորա Սեւակեան