
նչեց զուռնան եւ դհոլը, օրն էր ցնծութեան, հայ պարարուեստի, խրախճանք, երգ ու պար եւ խինդ:
Հայրենիքէն մղոններ հեռու Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի արուարձաններուն Kuringai, շքեղակերտ ընդարձակ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ համոյթը, Կիրակի, 16 Մարտ 2008, ժամը 5-ին, նախագահութեամբ՝ Գերաշնորհ Տէր Աղան Արքեպիսկոպոս Պալիոզեանի, հովանաւորութեամբ՝
Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, ծովածաւալ բազմութեան մը ներկայութեան:
Անկասկած հայ պարը անբաժան գլխաւոր մէկ մասն է Հայ մշակոյթին, եւ մենք իբրեւ Հայ ազգ՝ մշակոյթն ու արուեստը սիրող եւ ստեղծող, անգամ մը եւս հաստատեցինք մեր ինքնութիւնը վերջին այս իրագործուած համոյթով. ներկաները անվարան անյագուրդ ըմբոշխնեցին գեղարուեստական հմայք, ազգային հպարտութիւն, հայութեան հինաւուրց գանձերու մէկտեղուած հրաշանման իրագործումներ, ուր պարէն աւելի ոգիի ներարկում էր բազմադարեան մեր հարստութեան, պատմութիւն էր մեր աւանդութիւններուն, մեր իղձերուն եւ մեր վերապրելու վճռակամութեան:
Համոյթը սկիզբ առաւ պետական եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութեամբ. հայկական տոհմիկ տարազներով շիկացած, պարմանն ու պարմանուհին երկլեզուով, ջերմօրէն ողջունեցին ներկաները եւ խորապէս համոզուած, յայտնեցին, թէ հողին եւ ազատութեան չափ մշակոյթն ալ ազգի մը գոյութեան եւ գոյատեւման մեծագոյն ազդակներէն մին է, ապա հայու վայել հպարտութեամբ խոստացան անխաթար պահել Մեսրոպեան Աստուածակերտ հայ լեզուն՝ խլելով որոտընդոստ ծափողջոյններ:
Կէս ժամ տեւող դադարէ վերջ օրուան հանդիսավարը հանդէս հրաւիրեց ազգային հասարակական անխոնջ գործիչ եւ Հ.Հ.Կ. եւ Մ. Միութեան ատենապետ ընկ. Յակոբ Մկրտիչեանը, որ բարձր գնահատեց ներկայութիւնը հոծ բազմութեան, այնուհետեւ երախտագիտութեամբ եւ խոր ապրումներով ողջունեց տեսլապաշտ անձերու փոքրաթիւ բայց հաւատաւոր հիմնադիրները, թուելով անոնց անունները յանձինս Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի, որոնք 1928, Մայիս 28ի նշանակալից օրը Եգիպտոսի մէջ հիմը դրին Համազգային Հայ Մշակութային ընկերակցութեան. ընկերը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Համազգայինի 80 ամեակին հիմնադրութեան առիթով սփիւռքի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք զանազան բնոյթի ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, նաեւ՝ գաղութէս ներս մեծ տարողութեամբ 11 Հոկտեմբեր 2008-ին տեղի ունենալիք փառատօնին:
Ընկ. Մկրտիչեան իր խօսքին աւարտին գնահատանքի ու շնորհաւորանքի յատուկ խօսք ուղղեց վարչական կազմին, պարասոյցներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ոգի ի բռին եւ նուիրումով անփոխարինելի պայծառ էջեր արձանագրեցին հիանալիօրէն իրագործուած նուաճումներով: Երբեք արդար պիտի չըլլար չանդրադառնալ հայ երգի ու պարարուեստի երկրպագու եւ անոր յաջողութեան ոգեւորութիւն, աւիշ ու ջերմութիւն ջամբող Տէր եւ Տիկ. Հարմիկ Յակոբեաններուն, որոնց նուիրումը գերազանցօրէն եզակի է:
Ծափողջոյններով բեմ հրաւիրուեցաւ Հայր Վարդան Նաւասարդեանը, մեր օրերուն հայ մշակոյթի արթուն եւ շրջուն ռահվիրան ու խղճի մարմնացում շատ երիտասարդ կրօնականը. Հայր Սուրբը ըսաւ. «Չեմ յիշեր աւելի քաղցրագոյն հոգեկան պահ մը կեանքիս մէջ, որքան անյագուրդ ըմբոշխնեցի 8-16 տարեկան (200) երկու հարիւր հայորդիներու համապարփակ ու միահամուռ ուժերով պատրաստուած, մին խրոխտ ոստումով, միւսը երբներանգ նուրբ հեզաճկուն շարժումներով ներկայացուած հայ պարը»: Հայր Վարդան ըսաւ.- «Ձեր դէմքերուն վրայ դիտեցի արշալոյսի շողերը եւ ձեր աչքերուն մէջ՝ հայու յոյսը. վստահ, դուք պիտի ըլլաք եւ մնաք հաւատարիմ ժառանգորդը Վարդաններուն, վառ պահելու Արագածի կատարին Մեսրոպեան Խորախորհուրդ լոյսը կանթեղին»:
Ան շատ բարձր գնահատեց Հ.Հ.Կ. եւ Մ. Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը, պարասոյցները, ծնողները, պարի միաւորը եւ վարագոյրին ետին նուիրեալ փաղանգը, որոնք ջանք չեն խնայեր եւ վերանորոգ վճռակամութեամբ բոցավառ կը պահեն մեր դարաւոր եւ փառաւոր մշակոյթի ջահը, սատար հանդիսանալով մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներու տարածման եւ նոր սերունդը միատեղ համախմբելու սրբազան առաքելութեան:
Համոյթի աւարտին եղան յատուկ անձերու գնահատումներ, փոխանցելով բազմերանգ ծաղկեփունջեր, եւ երեկոն վերջ գտաւ Հայր Վարդան Նաւասարդեանի հոգեթով աղօթքով:
7 Ապրիլ 2008
Մաքրուհի Քորթեան