
Պահեր կան, երբ փորձենք նկարագրել կ՚անդրադառնանք թէ ինչ ածական որ գործածենք միեւնոյնն է. խօսքերը չեն համեմատիր այն զգացումին ,որ կը պատէ հանդիսատեսը։ Արդարեւ, պէտք է ապրիլ այդ պահերը, ըմբռնելու համար իրենց ազդեցութիւնը։ Այդպիսին էր 25-26 Յունիս 2016-ի շաբաթավերջին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, երկու օրերու վրայ 900-է աւելի հանդիսատեսներու առջեւ ներկայացուած Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանի եւ Էրեբունի Պարախումբի «Պարը...» տարեկան ելոյթը, որ իր այլազանութեամբ, տարազներու հարստութեամբ, իւրայատուկ բեմականացումով ու գերազանց որակով՝ Թորոնթոյի հայ գաղութի պատմութեան էջերուն մէջ ընդհանրապէս եւ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի յուշամատեանի էջերուն մէջ յատկապէս՝ իր որոշիչ տեղը պիտի գրաւէ անկասկած։ Յայտագիր՝ որ հպարտութեան զգացումներով ողողեց մեր հոգիները։ Յայտագիր՝ որուն «Պույ Պույ Մկնիկ»ով մանկացանք, «Յուշեր»ով վերացանք, «Արտաշատ»ով զօրացանք, «Քալինքա»ով հեռուները սաւառնեցանք, ու «Քոչարի»ով վերադարձանք մեր յաւիտենական խարիսխը՝ հայրենիք։
Վարագոյրին ետեւ՝ սուսիկ-փուսիկ, մազերը վեր հաւաքուած, ժպիտը դէմքերուն, աչքերը լայն բացած ու անհամբեր` շարուած են Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանի Գ եւ Դ խումբերու փոքրիկները. ցուցամատիկները իրենց շրթունքներուն՝ ասդին անդին կը դարձնեն գլուխները, զիրար դիտելով, հետեւելով պատասխանատուներուն, որոնք հոգատար կը հսկեն։ Ու ահա, երաժշտութեան ձայնը հազիւ հնչած՝ պզտիկ ու արագ քայլերով կը վազեն բեմահարթակին վրայ, իրենց մարզանքի գորգերը ճօճելով։ Դասապահերէն մէկն է որ հանրութեան կը ներկայացուի. մուտք կը գործէ պարուսոյցը, ուշադիր կը հետեւի բոլորին, ցուցմունքներով կը ճշդէ իրենց քայլերը ու ապա՝ Համազգայինի «Էրեբունի» Պարախումբի անդամներուն հետ միատեղ, երաժշտութեան ներքեւ, պարուսոյցին հետեւելով, մարզանքներու ու պարի շարժումներուն ընդմէջէն փոքր ու մեծ՝ հանդիսատեսին առջեւ կը պարզեն Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանի ու Էրեբունի Պարախումբի փորձերէն յիշատակելի պահեր. քայլեր՝ որոնց առաջնորդը վեց տարիներէ ի վեր գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց՝ Լոռի Նաճարեանն է։
Ու ահա, «Հայաստան» (Մենք ենք մեր սարերը) երգը կը հնչէ ու բեմին երկու կողմերէն մուտք կը գործեն Ուսումնարանի պատանիները, ծայր տալով Ելոյթի Ա. մասին։ Այնքան խանդավառ են պարողները. վառ այտերով, համաչափ քայլերով, ձեռք ձեռքի տալով տօնախմբութիւն մը կարծես կը ստեղծեն սրահէն ներս, արժանանալով բուռն ծափերու։ Ապա, առանց վայրկեան իսկ կորսցնելու, յաջորդ պարին կ՚անցնինք։ Մայր մուկը (Կարին Մաթոսեան) բեմին կեդրոնը կը յայտնուի ու հետաքրքրութեամբ շուրջը կը դիտէ, մինչ մկնիկները (փոքրերու բ. խումբը) իրենց երկար պոչերը աջ ու ձախ տարուբերելով կը սկսին իրերայաջորդ քայլերով երեւիլ լոյսին տակ։ «Պույ-պույ մկնիկ»ն է. պաստառին վրայ համապատասխան շարժուն նկարները լրացուցիչ պատկեր մը կազմեն ու կը շարունակուի մուկերուն խաղն ու խանդավառութիւնը մինչեւ որ վրայ հասնին կատուները (Ատրինէ Արթին եւ Թիթեռ Քարկոցեան)։ Մանուկներու աշխարհէն կը փոխադրուինք հերոսական Արցախ. թաւշեայ կապոյտ ու արծաթագոյն տարազներով՝ «Գիւլիւմ ջան»ի տղաքն են («Էրեբունի» պարախումբ), որոնց ուս-ուսի ու հաստատ քայլերը կը դրսեւորեն Արցախի ժողովուրդին հաստատակամութիւնը. մենակատարը՝ պարուսոյց Լոռի Նաճարեան, հպարտ քալուածքով ու շքեղ զգեստով կը գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը։
Յաջորդին՝ «Էնզելի»ին մէջ, Ուսումնարանի մեծերը ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց համաչափութեամբ, նազանքով, ու վառվռուն տարազներով. իրենց խմբային շարժումներով մեզ ալիքներու վրայ օրօրելէ ետք, կը փոխադրեն դէպի սիրոյ կապոյտ աշխարհը։ «Յուշեր»ը անցեալի յուշեր արթնցնելէ անդին՝ նոր յուշերու ծայր կու տայ. պահ մը կարծես Տէրեանի «Մթնշաղի անուրջներ»ուն մէջ ենք, ուր սահուն քայլերով մուտք կը գործեն «Էրեբունի»ի հեզաճկուն աղջիկները։ Պարզ երկնքի կապոյտին մէջ ողողուն՝ պարիկի նման հագած, պսպղուն գլխու զարդով ու այնքան նազանքով ու թեթեւ կը սահին, կարծես օդին մէջ ըլլային։ Մենակատար՝ Մարիա Մարտիրոսեանի նրբահիւս շարժումները գրաւիչ են։
Որքա՜ն չարաճճի են մեր հովիւները. հայրենի լեռները իրենց ապաստան՝ խաղ ու պարով, թռիչքներով, ու հովուապետին (Արմէն Արթին) հանդիսաւոր մուտքով խանդավառութիւն կը ստեղծեն. ու ահա, պատանի «Կռունկներ»ը կու գան իրենց համաչափ երամներուն մէջ առնելու մեզ ու ժամացոյցի սլաքները ետ դարձնելով մենք մեզ կը գտնենք աւանդութեան գիրկը՝ «Իլիկներ»ու խանդավառ պարով, կատարողութեամբ՝ Էրեբունիի աղջիկներուն, որմէ անմիջապէս ետք, «Ազգագրական Պար»ի եռանդուն շարժումները մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն սրահէն ներս։ Էջը կը դարձնենք. բեմի վրայ է «Վաղարշապատ»ի եռեակը (Շաբաթ՝ Մեղեդի Կոստանեան, Մելինա Գալթակեան, Դուին Գարաճեան. Կիրակի՝ Սարին Չարշաֆեան, Մարինա Գալուստեան, Կարին Մաթոսեան)։ Փակագիծ մը բանալով նշենք, որ իւրաքանչիւր պարի ետին, պաստառին վրայ կը ցուցադրուին համապատասխան նկարներ, որոնք ալ աւելի կը հարստացնեն ընդհանուր ելոյթը։ Իսկ յայտագրին ընթացքին տեղ-տեղ ցուցադրուող կարճ տեսերիզները, որոնք համադրուած են Արմէն Գարօ Մելքոնեանի եւ Արթուր Գրիգորեանի կողմէ, կը դրսեւորեն պարողներուն զգացումներն ու տպաւորութիւնը պարի հանդէպ. թէ ի՛նչ կը նշանակէ պարը իւրաքանչիւրին համար։
«Հայաստանը իմն է» փոքրերու Ա. Խումբի անդամները իրենց հաստատ, հպարտ քալուածքով՝ փոքր զինուորներ ըլլային կարծես։ Սարդարապատի յուշակոթողն է պաստառին վրայ. ծառերուն մէջէն՝ եռագոյնը բարձր կը ծածանի ու ահա Էրեբունիի «Հայկազուններ»ը բեմահարթակին վրայ են. հիանալի համաչափութիւն, կենսունակութիւն. մեր ազատագրական պայքարի մարտունակ ոգին է որ կը դրսեւորուի այս պարին ընդմէջէն եւ այդ ոգին գրկած կը հասնինք Հայաստան. Ձեռքերը օդն են, ոտքի զարկերը հաստատ, ծափերը անպակաս... «Հայաստանի երգը» համախմբած է մեծն ու փոքրը, շքեղ տեսարան մը պարզելով մեր աչքերուն առջեւ։
Ելոյթին Բ. մասը ծայր կ՚առնէ ռուսական նշանաւոր «Քալինքա»ով. պսպղուն տարազները, Էրեբունիի տղոց անթերի թռիչքներն ու աղջիկներուն ոլորապտոյտը մեծապէս կը տպաւորեն ներկաները, մանաւանդ՝ ռուս հանդիսատեսներ, որոնք գովասանքով կ՚արտայայտուին աւարտին։
Պաստառին վրայ՝ Միջերկրականի կապոյտն ու ճերմակ պատերով տուները մեզ կը փոխադրեն յոյներու երկիրը. Օփա՜... կը հնչէ «Սիրթաքի»ն։ Մեծ աղջիկներուն ճշգրիտ շարուածքն ու համաչափ քայլերը կը տպաւորեն մեզ։ Յունաստանէն՝ Սպանիա. բեմի վրայ է Էրեբունիի պարողներէն Լանա Տէր Պետրոսեանը, որուն կրքոտ ու հրապուրիչ սպանական ֆլամենքօ պարը ա՛լ աւելի այլազանութիւն կը բերէ յայտագրին։
Կարելի չէ չխանդավառուիլ Ուքրանական «Հոբաք»ով. պուպրիկի նման հագած աղջիկներուն ցայտուն գլխարկներէն մինչ տղոց մէջքի կապերն ու կարմիր կօշիկները՝ հեքիաթներու աշխարհէն փրցուած էջ մը ըլլար կարծես այս պարը։ Հեքիաթէն կ՚անցնինք դիւցազուններու երկիրը՝ Արցախ. մեր հերոսներուն նուիրուած «Արտաշատ»ը կը թնդացնէ բեմը «Էրեբունի»ի եւ մեծերու խումբին հոյակապ կատարումով։ Արցախէն «Հայաստան»՝ փոքրերու Գ. Խումբի եռանդուն պարն է, որմէ ետք այնքան նուրբ ու ծաղկաւէտ՝ Էրեբունի պարախումբի աղջիկներն ու մեծերը մէկական «Ծաղկած Բալենի» որպէս, մեղմ երաժշտութեան ու նոյնքան մեղմ վարդագոյնով ծածկուած՝ գեղեցիկ պատկեր մը կը կազմեն։ «Քոչարի»ն դարձեալ ոտքի կը հանէ բոլորը. «Էրեբունի»ի տղոց խանդոտ ու կրակոտ պարին կը յաջորդէ փակման պարը ու ահա բոլորը՝ խումբ առ խումբ՝ ձեռք ձեռքի իր գագաթնակէտին կը հասցնեն այս պանծալի երեկոն։
Սրահը ոտքի է. ծափերը երկար կը շարունակուին։ Դէմքի արտայայտութիւնները, ինքնավստահ քայլերը ու հեզասահ ու համաչափ կատարումը պարերուն, որոնց մեծամասնութիւնը բեմադրութիւնն է նոյնինքն Լոռի Նաճարեանի՝ մեծապէս ոգեւորած է ներկաները։ Երկարամեայ պարողներէն՝ Յովհաննէս Յարութիւնեան ծաղկեփունջով կը յառաջանայ դէպի Լոռի. վերջինը խօսք կ՚առնէ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, եւ կը բաժնէ Սեպտեմբերէն սկսեալ պարարուեստի ուղղութեամբ ուսումը հայրենիքի մէջ շարունակելու իր որոշումը։ Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետ Մեղեդի Էթիեմեզեան վեր առնելով Լոռիի արժանիքները, բծախնդիր, անձնուէր ու անսակարկ մօտեցումը, Գլաձոր մասնաճիւղին կողմէ յուշանուէր մը կը յանձնէ իրեն, մաղթելով նորանոր վերելքներ։ Ան նաեւ, բարձր գնահատելով վեց տարիներու վրայ երկարող պարտաճանաչ, հետեւողական, անշահախնդիր ու անխոնջ կամաւոր աշխատանքը, յուշանուէր մը նաեւ կը յանձնէ պարի յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ՝ Ալին Տօնապետեան-Թոսունեանին։ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանի շնորհաւորանքի ու քաջալերանքի սրտի խօսքով ու պահպանիչով իր աւարտին կը հասնի յիշատակելի ելոյթը։
Վեց տարիներու վրայ երկարող վերելք՝ շնորհիւ Լոռի Նաճարեանի որակաւոր ուսուցման, գեղարուեստական բարձր ճաշակին։ Հետեւողական, տքնաջան աշխատանք՝ Համազգայինի զինուորներուն կողմէ։ Տիտանական նախաձեռնութիւն. շնորհաւորելի են Լոռին, վարչութեան եւ յանձնախումբի անդամները, օժանդակները, ծնողները, նուիրատուները ու ի վերջոյ՝ եւ ի մասնաւորի՝ 150է աւելի պարողները, Ուսումնարանի փոքրերէն մինչ Էրեբունիի տղաքն ու աղջիկները։ Հպարտութեան զգացումներով հրաժեշտ կու տանք սրահէն, լաւագոյնը մաղթելով Լոռիին եւ քաջ գիտնալով, որ Համազգայինը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ մօտ ապագային, նոր ղեկավարի ճամբով հայ պարը դարձեալ ներկայութիւն պիտի դարձնէ մեր բեմերուն վրայ։ Քանզի, Լոռիին իսկ բառերով՝ հայ պարը մշակութային գանձ է, որուն արժէքը ամէն հայ պէտք է իմանայ. գանձ՝ զոր պէտք է պահպանէ եւ տարածէ։ Լուսաշող ճանապարհ՝ Լոռիին. ոյժ ու կորով՝ Համազգայինին։ Մեր պարը յաւերժ է մեր լեռներուն պէս։
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան