
Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 6- ին, Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահէն ներս, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Պետրոս Դուրեանի մահուան 140ամեակին նուիրուած յուշ երեկոն։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արման Նարինլի. «Պետրոս Դուրեանի մասին խոր վերլուծումներ ընել, գրական մասնագիտութիւն կը պահանջէ, երբ լուսարձակի տակ կ՚առնուին անոր ժամանակաշրջանի գաղափարական ակունքները։ Անհրաժեշտ է անդրադառնալ ֆրանսական յեղափոխութեան որդեգրած սկզբունքներուն, եղբայրութիւն, ազատութիւն եւ հաւասարութիւն բառերու քաղաքական մեկնաբանումով։ Պետրոս Դուրեան հանդիսացաւ Ռոմանթիք հոսանքի պատկանող գլխաւոր բանաստեղծներէն մին, որուն քերթուածները լի են ներաշխարհի, անձնական ապրումներով եւ մահուան դէմ անզուգական պոռթկումներով»։
Ընկեր Արման իր խօսքի աւարտին ընթերցեց հեղինակին՝ հայրենասիրական եւ ազգագրական ոգիով ներշնչուած լրիւ քերթուած մը։
Այնուհետեւ Գայեանէ Մուրատեան ներկայացուց հեղինակին կեանքն ու գործերը, իր դեռատի հասակին՝ պարմանուհին յստակ առոգանութեամբ տուաւ իրեն վստահուած բաժինը՝ արտասանելով եւս Դուրեանի ստեղծագործութիւններէն մին։
Ապա յայտագրի հերթականութեամբ յաջորդաբար բեմ բարձրացան սագսիֆոնով Գէորգ Մուրատեան, դաշնակի ընկերակցութամբ Լիլիթ Մուրատեանի, որոնք միատեղ հրամցուցին գեղեցիկ նուագ մը, որմէ ետք շարունակուեցաւ յայտագիրը հետեւեալ կարգով. մենապար՝ Քաթրինա էօզպէկեանի, նուագ չէլօ՝ Շահան Սողոմոնեանի, ինչպէս նաեւ ջութակի վրայ Երեւան Երեբունի նուագը՝ Քրիստին Բիւրզէկեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Տօքթ. Մարք Չոլագեանի։
Յայտագրին գլուխ գործոցն էր արուեստագիտուհի Զուարթ Սըմսարեանի մեներգը «Լճակ»-ին, որ եկաւ փայլք մը աւելցնելու օրուան հանդիսութեան։
Եւ վերջապէս յայտագրի վերջին բաժնով Սարին Զէյթունեան ասմունքեց «Իմ Մահը» քերթուածը, որուն յաջորդեց «Մանուկն առ խաչ» քերթուածի ընթերցումը՝ Գրիգոր Մանուկեանի կողմէ։ Ապա տեղի ունեցաւ Թատերական ներկայացումը՝ Արշակ Չոպանեանի «Պետրոս Դուրեանի Մահը» խորագրեալ յօդուածի բովանդակութեան, Ռաֆֆի Աւետեանի կատարողութեամբ եւ համադրուած Ազնիւ Ինկիլիզեանի կողմէ։ Պատանի դերակատարները ամենայն հարազատութեամբ, իւրաքանչիւրը իր ինքնուրոյն ոճով, իր դերին մէջ ներկայացուց ու կենդանացուց Դուրեանի ողբերգական վայրկեաններն ու հոգեվարքի վերջին պահը։
Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Արշալոյս Թահմիզեան արտասանեց Վարչութեան շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքը, բարձր գնահատելով գրական յանձնախումբի այս երկրորդ բարձրորակ ձեռնարկը։
Ներկաները խոր ապրումով ու յուզումով, բայց բարձր տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով։
Վեր կա՛ց, վոսփորի ափերէն Սկիւտարի Սոխա՛կ, տե՛ս շուրչդ սերունդ մը այսօր շնչեց վերջալոյսի շաղերուդ անգտանելի վաղորդայնը։ Սերունդ մը, որ բաւարարուիլ չի գիտեր, այլ կ՚երազէ աւելի յառաջանալ իր ազնիւ ու հայեցի նկարագրով, որ իր ողջ կեանքի ընթացքին պիտի շողարձակէ Պետրոս Դուրեանի ոգեղէն դիմանկարով։
Զարուհի Մանուկեան
14-11-2012