
Երկարատեւ դադարէ մը ետք, մշակութային կեանքը կրկին վերընձիւղուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Լիբանանահայ բեմը ծաղկեցնող արուեստագէտները տարիներու ընթացքին իրե՛նք տուած են այս թատերասրահին անոր տեղն ու արժէքը սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Անուններու, թիւերու, թուականներու եւ անմոռանալի յիշատակներու մասին պիտի խօսէին անոր պատերը, եթէ «ասուն» դառնային:
Համաճարակի հետզհետէ նահանջող ընթացքին զուգահեռ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի կառոյցը կատարեց մեկնարկը գաղութային կեանքի վերաշխուժացման: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Կիրակի, 13 Մարտ 2022-ին, թատերասրահին մէջ կազմակերպեց բարեսիրական համերգ մը` ի նպաստ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին:
Ի հեճուկս Լիբանանի այս օրերու օդերեւութաբանական անբարենպաստ պայմաններուն, խուռներամ ժողովուրդը դիմած էր թատերասրահ` իւրաքանչիւրը իր աթոռը գրաւելով: Անոնց ներկայութիւնը ցուցանիշ մըն էր գաղութի երբեմնի օրերը վերադարձնելու ու վերապրելու իրենց ունեցած փափաքին: