Եւրոպա

6 Հոկտեմբեր 2019-ին, Օզասգոյի հայ համայնքի կազմակերպած 7-րդ փառատօնին, Պրազիլի Համազգայինը մասնակցեցաւ իր զոյգ խումբերով՝ Կիլիկիա եւ Արեւիկ, Հայ Ազգային Դուրեան վարժարանի աշակերտները ներկայացան պարի խմբերով, ՍԱՄԱ հայկական ակումբը մասնակցեցաւ Վահագն Մինասեան երգչախումբով, ապա Ուրուկուայէն ժամանած Փարվանա նուագախումբը իր ելոյթը ունեցաւ ժողովրդական եւ ազգային երգերով։ Ներկաները վայելեցին բացօթեայ այս փառատօնը եւ ապրեցան բաւականին յուզիչ պահեր։
Մեր շնորկալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Օզասգօ համայնքի վարչութեան, որ միշտ կը քաջալերէ Համազգայինի ներկայութիւնը։