
Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի Նշան Փալանճեան կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցաւ գրականագէտ եւ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի «Երկու սպանդ» գիրքի շնորհահանդէսը՝ ներկայութեամբ մտաւորականներու, արուեստասէրներու եւ համազգայնականներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան անունով արտասանեց Սեդա Խտըշեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք շեշտեց Պօղոս Սնապեանի ներդրումը հայ գրականութեան մէջ, ապա ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր տոքթ. Վահէ Մալճեանի կենսագրական գիծերը:
Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբերը, որ ըսաւ, թէ Պօղոս Սնապեանը յանդուգն գրիչի տէր է, հմուտ գրականագէտ, հրապարակագիր եւ գրաքննադատ, որ չի գործեր եսապաշտ եւ նիւթապաշտ կերպով:
Վահէ Մալճեան խօսելով Պօղոս Սնապեանի «Երկու սպանդ» գիրքին մասին, յայտնեց, որ գործը հայկական կոտորածներու տառապանքն ու կորուստը ներկայացնող պոռթկում մըն է: Ան ըսաւ, թէ գիրքին առաջին մասը կը վերաբերի Մեծ Եղեռնին զոհ գացած հայ մտաւորականութեան, իսկ երկրորդ մասը կþանդրադառնայ ստալինեան վարչակարգի ժամանակաշրջանին զոհ գացած հայ մտաւորականներուն:
Խօսքի աւարտին Մալճեան յայտնեց, որ Պօղոս Սնապեանի այս գործը պէտք է թարգմանուի այլ լեզուներու, որպէսզի օտարներն ալ ծանօթանան սպանդներուն:
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Պօղոս Սնապեան, որ նշեց, թէ գործը իր սրտի պարտքն է, որպէսզի երիտասարդութիւնը ծանօթանայ երկու սպանդներուն, քանի որ այդ ծանօթութիւնը զօրութիւն կը պատճառէ:
Սնապեան հաստատեց, թէ գործը փաստագրական բնոյթի է, ուր տեղադրուած են կենսագրութիւններ, նկարներ եւ յօդուածներ: Հարցումներուն պատասխանելով Պօղոս Սնապեան նաեւ անդրադարձաւ երկրորդ սպանդին՝ ստալինեան հալածանքներուն մասին Հայաստանի բնակիչներու մօտեցումներուն, երկու սպանդները քով-քովի բերելու տրամաբանութեան եւ գիրքի ընդմէջէն իր փոխանցած պատգամին: