
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յակոբ Չիլինկիրեանի, Հինգշաբթի, 10 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեանե ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ ծանօթ արուեստագէտ Ռազմիկ Պերթիզեանի անհատական ցուցահանդէսին՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստասէրներու:
Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեանե ցուցասրահի եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեանե հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար Ռազմիկ Պերթիզեան ծանօթ անուն մըն է, եւ անոնք, որոնք աշխատած են հետը, գիտեն արուեստագէտի բծախնդիր մօտեցումով անոր տարած աշխատանքը:
Առ այդ, այս ցուցահանդէսը Համազգայինի համար նախ եւ առաջ երախտագիտական համեստ արտայայտութիւն մըն է արուեստագէտին նկատմամբ, ընդգծեց Հաւաթեան:
Այս առիթով, Յ. Հաւաթեան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած Յակոբ Չիլինկիրեան ամոլին, որ միշտ քաջալերած է նմանօրինակ՝ մեր գաղութին որակ հայթայթող նախաձեռնութիւններ: Ան յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Գեղամ արք. Խաչերեանին, որ իր ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով միշտ լիբանանահայ գաղութին կու տայ մշակութային յաւելեալ որակ՝ սատարելով ձեռնարկներուն յաջողութեան:
Ապա Հաւաթեան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը փոխանցելու իր խօսքը:
Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքի առաջին բաժինով անդրադարձաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեանե ցուցասրահին, որ վերջին շրջանին արուեստասէրներու համախմբման կեդրոն դարձած է՝ գնահատելով ցուցասրահին դերը լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ:
Ապա ան անդրադարձաւ այն կէտին, թէ Ռազմիկ Պերթիզլեան գաղութի երիտասարդ արուեստագէտներէն է եւ մենք պէտք է քաջալերենք մեր արուեստագէտները, օտարին կողքին պէտք չէ մոռնանք մեր ուժերը, մեր արուեստագէտները, որովհետեւ անոնք արժանի են մեր գուրգուրանքին ու քաջալերանքին՝ աւելցնելով, որ արուեստագէտը քաջալերելը մեր բոլորին պարտականութիւնն է, որպէսզի ան իր ունեցած տաղանդը ժողովուրդին ի սպաս դնելու գոհունակութիւնը ունենայ:
Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ արուեստի որեւէ մարզ մեզ դուրս կը բերէ մեր առօրեայէն, միօրինակութենէն՝ նոր շունչ տալով մեր հոգիներուն: Իսկ արուեստագէտները ունին այն շնորհը, որ կրնան տեսնել մեր չտեսածը եւ լուսարձակի տակ առնել այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք մեր աչքէն կը վրիպին, եւ անոնք իրենց պատգամը եւ ըսելիքը կը փոխանցեն իրենց դիտանկիւնէն՝ իւրայատուկ ոճով:
Վերջապէս առաջնորդ սրբազանը խիստ կարեւոր նկատեց արուեստի գործերու ցուցահանդէսներու նախագահութեան ստանձնումը: Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի Յ. Չիլինկիրեան ամոլին: Սրբազանը նշեց, որ երբ արուեստագէտները կþունենան իրենց գործերը քաջալերող նախագահներ, ապա հայ մշակոյթը կը ծաղկի ու կը զարգանայ:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ արուեստագէտ Ռազմիկ Պերթիզեան, որ նշեց, թէ իր կատարած տարբեր աշխատանքներուն կողքին հիմնականին մէջ այս ցուցահանդէսն է, որ կը ներկայացնէ իսկական Ռազմիկը՝ արուեստագէտը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ Յ. Չիլինկիրեան ամոլին, որոնք քաջալեր հանդիսացան այս ցուցահանդէսին կազմակերպման:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը ունի 2 բաժին. առաջինը կը կրէ «Առասպելաբանութիւնե խորագիրը, իսկ երկրորդը՝ «Հակասական կրկէսե: Բոլոր գործերը իւղաներկ են: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 26 Յունիս 2010, ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ 8:00: