
Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ վաստակաշատ գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեանի մահէն առաջ գծած ջրաներկ պատկերներու ցուցահանդէսին` ի նպաստ Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ին:
Խօսք առաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի յիշատակը յարգելու եկած բոլոր ներկաները ողջունեց, ապա ըսաւ, որ կան պահեր, երբ մարդ դժուար կարենայ իր մտածումներն ու զգացումները արտայայտել, երբ մարդ պէտք է մտածէ եւ արժեւորէ, լաւ օրինակը իւրացնէ եւ շարունակէ վաղուան գործը: Յ. Հաւաթեան խօսելով Ռոզվարդ Սիսեռեանի առաքինութիւններուն եւ արժանիքներուն մասին ըսաւ, որ արուեստագէտին կեանքը լեցուն էր բարեգործութեամբ եւ կարօտեալին հասնելու նախաձեռնութեամբ, անոր կեանքը հեռու էր ցուցամոլութենէն եւ շահախնդրութենէն: Ռոզվարդ Սիսեռեան իր ասպարէզին ճամբով սէր, օգնութիւն, կարեկցանք եւ ուրախութիւն սերմանած եւ դարձած է յարգելի եւ սիրելի: Յ. Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս Ռոզվարդ Սիսեռեան իր կեանքով արժեւորած է հայ մշակոյթը եւ շատ ծրագիրներով սատարած է Համազգայինի մեծ ընտանիքի գործունէութիւններուն: