
Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ ՀՅԴ Պրազիլի կեդրոնական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Օգոստոս 12-ին կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան 100 եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին առիթով կազմակերպուած համերգը` մասնակցութեամբ Սեւակ Ամրոյեանի եւ Սոնա Ռուբէնեանի:
Համերգային ծրագիրին սկզիբը օրուան բանախօսը խօսած է 90 տարի առաջ հիմնադրուած Համազգայինի նպատակներուն մասին, այն է` պահպանել, զարգացնել եւ տարածել հայկական մշակոյթը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած եւ աստիճանաբար իրենց արմատներէն հեռացող սերունդներուն մէջ` իբրեւ Հայաստանի եւ համայն հայութեան գոյատեւման հիմք: Այնուհետեւ անդրադարձած է աւելի կարեւոր տարեդարձին` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր հպարտ հայու մէջ կայ հսկայ Անդրանիկ մը, Կոմիտաս Վարդապետ եւ Նարեկացի` իր աղօթքներով: Բանախօսը յիշատակած է նաեւ Հայաստանի մէջ կատարուած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ընդգծած, թէ վերջինս հպարտութեան ինչ զգացումներ արթնցուցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու հոգիներուն մէջ:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: