
Շաբաթ, 21 Սեպտեմբեր, 2013-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 22-րդ տարեդարձին ուրախ առիթով, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի «Սանահին» Մասնաճիւղի եւ Մոնթրէալի VivaVoce վաստակաւոր երգչախումբի միացեալ արտադրութեամբ, խմբավարութեամբ՝ Peter Schubert-ի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած երաժշտագէտ Գրիգոր Առաքելեանի (հայկական քեմանի), մեծաշուք համերգ տեղի ունեցաւ Christ Church Cathedral-ի մէջ։
Ձեռնարկը կը վայելէր նախագահութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Վսեմաշուք Արմէն Եկանեանի։ Ներկայ էին դաշնակցային, նահանգային, քաղաքային ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։
Օրուան պատգամը փոխանցեցին Անի Արուշեան՝ ֆրանսերէն լեզուով եւ Արարատ Թորոսեան՝ հայերէնով։ Արհեստավարժ օտար երգիչները մեծ հպարտութեամբ, հարազատօրէն եւ յստակ առոգանութեամբ մեկնաբանեցին Գրիգոր Առաքելեանի մշակած Կոմիտասի գործերը, ըլլան անոնք հոգեւոր, ինչպէս՝ «Եղիցին», «Աստուած Մեծ» եւ կամ ժողովրդական, ինչպէս՝ «Հոյ Նար» կամ «Թամզարա»։
Յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ Մոնթրէալաբնակ երաժիշտ եւ յօրինող Պետրոս Շուժունեանի մշակումը՝ Գուսան Աշոտի «Սիւնեաց Սարեր»ու։
Յատուկ աշխատանք տարուած էր օրուան վայելուչ գրքոյկի մը պատրաստութեան, ուր հովանաւորներու կողքին լոյս տեսած էին խօսքերը՝ Գանատայի եւ Քէպէքի վարչապետներուն, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպանին, Գանատայի երկու թեմերու առաջնորդներուն եւ գաղութիս մէջ գործող բոլոր հայ կուսակցութիւններուն եւ միութիւններուն։ Յայտագրի աւարտին, Մայր Տաճարին մէջ գտնուող թիւով շուրջ 500 ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով կրկնութիւն խնդրեցին Viva Voce երգչախումբէն։ Ապա վարչութեան կողմէ խօսք առաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Թամար Փօլատեան, ծաղկեպսակներով, մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան։ Յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան Գրիգոր Առաքելեանը, հայ աւանդական երաժշտութեան վերակենսանաւորման առնչութեամբ իր նուիրումին համար, եւ Peter Schubert-ը՝ իր անձնուէր ճիգերով, մարտահրաւէրը ընդունելուն համար։ Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մոնթրէալի եւ Լաւալի Հայ Կեդրոններու յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը բերին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար, իրենց ներկայացուցիչներուն որոնք միաժամանակ մաս կը կազմէին կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ գրքոյկի բոլոր հովանաւորներուն, եւ ի վերջոյ՝ ներկաներուն։
Ներկաները բարձր գնահատեցին ձեռնարկի մակարդակը, կազմակերպչական բծախնդիր աշխատանքը եւ յատկապէս, այս պարագային այն եզակի երեւոյթը, ուր հայ եւ օտար արուեստագէտներ ու կազմակերպութիւններ ի մի եկած հանդէս եկան, մեր ամենահարազատ աւանդական երաժշտութիւնը հրամցնելով զանազան ազգերու զաւակներուն։ Երեւոյթ՝ որ մեծապէս սատարեց հայ երգը մեր սեղմ միջավայրէն դուրս հանելու եւ հրամցնելու օտար արուեստասէր հասարակութեան։
Իր կեցութեան ընթացքին, Գրիգոր Առաքելեան առիթը ունեցաւ այցելելու Սբ. Յակոբ Ազգ. վարժարանի Բասթրմաճեան երկրորդականի վերջին երկու դասարաններու աշակերտներուն, ուր զրուցեց Կոմիտասի կեանքին եւ հայկական աւանդական երաժշտութեան մասին, ծանօթացուց իր հայկական թաւ քեմանին եւ ապա քանի մը կտորներով հանդէս եկաւ։ Աւարտին, հարցազրոյց տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին աշակերտները հարցումներ ուղղեցին զիրենք հետաքրքրող նիւթերու շուրջ ։
Թամար Շահինեան-Փօլատեան