
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ուաշինկթընի մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Հայաստանի դեսպանութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ հայրենի վաստակաւոր ասմունքող` Սիլվա Եուզպաշեանի ասմունքի երեկոն: Միջոցառումը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 22 ամեակին:
Ի յիշատակ հայրենի անզուգական դերասան եւ թատերագիր Սօս Սարգսեանի մահուան, մասնաճիւղի անդամներէն ընկ. Լեւոն Պալեան, յարգանքի ու երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Հայաստանի մէջ Համազգայինի հիմնադիր Սօս Սարգսեանի հասցէին: Լեւոն Պալեան իր անձնական ծանօթութեան ընդմէջէն բարձր գնահատեց Սօս Սարգսեանի ծառայութիւնը հայ մշակոյթին մէջ ու Համազգայինի հանդէպ անոր ունեցած հաւատքն ու նուիրումը: Ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին մեծ վարպետի յիշատակը: Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ` Տէր Սարգիս քահանայ Ագթաւուքեան աղօթեց նորոգ հանգուցեալ` Սօս Սարգսեանի հոգիին համար: Ապա, Յակինթ Դերբենճեան մասնաճիւղի անունով բարի գալուստ մաղթեց Սիլվա Եուզպաշեանին ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութեան խօսքը փոխանցեց մեծագոյն դեսպանին, որ սիրայօժար տրամադրեց դեսպանութեան սրահը Համազգայինի միջոցառման: Դեսպան Մարգարեանի անունով խօսք առաւ Անդրանիկ Յովհաննէսեան, որ բարձր դրուատեց Եուզպաշեանի արուեստի արժէքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին այս գեղեցիկ երեկոն նոուիրելու Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` ընկ. տոքթ. Տիգրան Գազանճեան:
Հռչակաւոր եւ մեծանուն ասմունքող` Սիլվա Եուզպաշեան յաջորդող մէկ ժամուան ընթացքին, արուեստագէտի իր գրաւիչ դիւթականութեամբ մագնիսացուց դեսպանութեան սրահը, ուր ներկաները խորասուզուեցան Համօ Սահեանի ու Վահագն Դաւթեանի բանաստեղծական կտորներուն մէջ: Եուզպաշեանի հնչեղ ձայնը, գրաւիչ արտայայտչականութիւնն ու կենդանացնող ասմունքը պահ մը բոլորին առջեւ վերակենդանացուց հայ բանաստեղծութեան մեծ ներկայացուցիչներու տեսիլքը` հանդէպ հայութեան ու հայ գրականութեան: Եուզպաշեան նաեւ ներկաներուն հետ բաժնեց զոյգ բանաստեղծներու հետ իր ունեցած անձնական վկայութիւները, որոնք ուրախութեան ու յուզումի հաճելի խառն պահեր ստեղծեցին բոլորին մօտ:
Ասմունքի երեկոն իր քաղցրութեան սահմանները գերազանցեց, երբ Սիլվա Եուզպաշեան ասմունքեց Ուիլիըմ Սարոյեանի գարեջրատան մէջ հանդիպած երկու հայերու հատուածը:
Եուզպաշեանի ասմունքի բարձրորակ ելոյթներն ու իր արուեստագէտի գերազանցելի ներկայացումները անմոռանալի յիշատակի երեկոյի վերածեցին Համազգայինի Ուաշինկթընի կազմակերպած երեկոն, ուրկէ ազգայինները բաժնուեցան լիցքաւորուած հայ մեծանուն բանաստեղծներու յուշերով ու Սիլվայի անժամանցելի յիշատակներով:
Համազգայնական