
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ «Սիփան» պարախումբը 11 եւ 12 Սեպտեմբեր 2015-ին երկու յաջող ելոյթներ ունեցաւ «Միջերկրականեան Ազգագրական Պարի 10-րդ Փառատօն»ի ծիրին մէջ:
Առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Երի քաղաքին մէջ, իսկ երկրորդը՝ Լառնաքայի ծովափնեայ «Ֆինիկուտես» հրապարակին վրայ, երկու օրերուն ալ ամենախանդավառ ու երկարատեւ ծափահարութիւնները խլելով բազմահազար ներկաներէն:
Լառնաքայի մէջ «Սիփան»ի պարողները իրենց տարազներով մասնակցեցան նաեւ հանդիսութենէն առաջ տեղի ունեցած տողանցքին, ուր տասնեակ մը երկիրներու դրօշներու կողքին ծածանեցաւ նաեւ մեր պանծալի Եռագոյնը:
Յաջորդ օրերուն «Սիփան» ելոյթներ պիտի ունենայ նաեւ՝
26 Սեպտեմբերին Աղլանճա քաղաքի փառատօնին,
30 Սեպտեմբերին Նիկոսիոյ Ռոթարեան Ակումբի միջ-համայնքային բարեսիրական հանդիսութեան, Ստրովոլոսի քաղաքապետութեան հանդիսասրահին մէջ,
4 Հոկտեմբերին «Խրիստոս Ստելիու Եոաննու Հաստատութեան» Բարեկամներու Ակումբի 30-ամեակի հանդիսութեան: