
Չորեքշաբթի, 19 Մարտին, ՀԱՍԿ Քոլէճի Նանօր երգչախումբը պատիւ ունեցաւ մասնակցելու Սմոքի Տոսընի յիշատակին նուիրուած հանրային երգահանդէսին, որ կը կրէր «Սմոքի Տոսընի արկածախնդրութիւնները. յիշելով իր կեանքը, 1913-2008» խորագիրը:
13 Փետրուարին աւստրալիացի առասպել Տոսընի մահէն ետք Քրիս անունով հիանալի տիկին մը, որ բազմաթիւ տարիներ շարունակ եղած էր Սմոքիի խնամատարը եւ Տոսըն ընտանիքին բարեկամը, մեզի առաջարկեց մասնակցիլ Սմոքիի յիշատակին տեղի ունենալիք հանրային երգահանդէսին: Երգահանդէսը պիտի ընդգրկէր երգարուեստի ներկայացուցիչներու լայն ընտրանի մը եւ մարդիկ, որոնք մտերիմ եւ հարազատ եղած են Սմոքիին, 60 տարիներու վրայ երկարող անոր ասպարէզին ընթացքին: Մենք մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցինք այս հրաւէրը: Մեզի համար մեծ պատիւ էր նկատուիլ արժանի՝ ընդգրկուելու համար աւստրալիական այսպիսի կարեւոր իրադարձութեան մը մէջ եւ ելոյթ ունենալ աւստրալիացի հռչակաւոր արուեստագէտներու կողքին:
Սակայն ինչպէս հետագային անդրադարձանք, հրաւէրը ընդունիլը եւ ելոյթին մասնակցիլը ամբողջութեամբ տարբեր բաներ էին: Նախապատրաստութեան համար շատ քիչ ժամանակ ունէինք. ընդամէնը քանի մը շաբաթ: Պէտք էր շատ արագ շարժէինք եւ առաջին հերթին որոշէինք, թէ ի°նչ պիտի երգէինք, յետոյ երգին բառերը սորվէինք եւ առաւելագոյն չափով փորձ ընէինք: Համերգին կազմակերպիչներուն հետ խորհրդակցաբար, որոշուեցաւ որ պիտի երգէինք երկու երգ: Առաջինը «Եու ար մայ սանշայն»ն էր, զոր Սմոքին շատ կը սիրէր երգել իր կնոջը՝ Տոթին, իսկ երկրորդը «Տը քալըրզ աֆ մայ լայֆ»ն էր, քանի որ ըստ Սմոքիի, այս երգը կ°արտացոլէր իրենց կեանքին ընթացքը: Քուլիսներու ետին մենք իրարանցումի մէջ էինք: Ժամանակը շատ կարճ էր եւ շատ արագ բոլորը ներգրաւուեցան աշխատանքի մէջ: Որոշելու համար, թէ երգերուն ո°ր տարբերակները պէտք է մեկնաբանէինք, կարիքը ունէինք բառերու եւ երաժշտութեան: Բոլորս միասին կ°աշխատէինք իրականացնելու համար մեր ելոյթը:
Մանուկներուն համար այդ ամբողջ իրարանցումը շատ հետաքրքրական էր: Անոնք մեծ խանդավառութեան մէջ էին, առանց սակայն լիովին ըմբռնելու, թէ ճիշդ ի°նչ կը սպասուէր իրենցմէ: Մեզի ներկայացուածը շատ մեծ առիթ էր եւ կրնար չկրկնուիլ: Իրականութեան մէջ անոնք պատմութեան մաս պիտի կազմէին, նկատի ունենալով, որ այս համերգը պիտի հեռարձակուէր պատկերասփիւռէն, պիտի լուսանկարուէր եւ տարիներ շարունակ պիտի պահուէր իբրեւ արխիւային նիւթեր: Որու միտքէն կրնար անցնիլ, որ օր մը ՀԱՍԿ Քոլէճի Նանօր երգչախումբը Աւստրալիոյ պատմութեան մաս պիտի կազմէր:
Շաբաթները արագ անցան եւ համերգին օրը մօտեցաւ: Ամէն ինչ դասաւորուելու ընթացքին մէջ էր եւ օրէ օր երգչախումբին ձայնը աւելի անուշ կը հնչէր: Երգչախումբի ղեկավար Տիկ. Փերի Մինասեանը զանոնք կը քաջալերէր աւելի բարձր, աւելի ուժեղ եւ իրենց ամբողջ սրտով երգելու: Վերջ ի վերջոյ այդ ամբողջը Սմոքիի կեանքին տօնակատարութիւնը պիտի ըլլար:
Նախապատրաստական աշխատանքներու իւրաքանչիւր հանգրուանին, Կլեն Թիի, «Լիտըր ինթըրթէյնմընթ»ի կազմակերպչական տնօրէնին հետ խորհրդակցելով, որոշուեցաւ, որ երգչախումբին փոքրիկները պիտի հագնին ճինզ տաբատներ, քանի որ Սմոքին եղած է Աւստրալիոյ առաջին քաուպոյը: Անոնք նաեւ պիտի հագնէին պայծառ գոյներով թի¬շըրթներ, որպէս վառ յիշեցում, թէ ի°նչքան գունագեղ եղած էր Սմոքիի կեանքը:
Վերջապէս հասաւ սպասուած օրը: Բոլորս լարուած վիճակի մէջ պասով մեկնեցանք դպրոցէն՝ հասնելու համար երգահանդէսին վայրը՝ Հիլզ Փըրֆորմինկ Արթց Սենթըր, Քասթըր Հիլ: Մինչ այդ փոքրիկները արդէն շատ աւելի խանդավառուած էին: Անոնք շատ հպարտ կը զգային եւ կ°ուզէին իրենց լաւագոյնը ներկայացնել, մանաւանդ որ մեր Քոլէճի բարերարը՝ Պրն. Արշակ Գալսթընը՝ Սմոքի Տոսընի երկար տարիներու ընկերներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Քոլէճին տնօրէնը՝ Պրն. Քայլառ Միքայէլեանը եւ իր կինը՝ Տիկ. Ժանէթ Միքայէլեանը, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Պրն. Ռոստոմ Չաթէրը եւ իր կինը՝ Տիկ. Ռիմա Չաթէրը, Քոլէճին տնօրէններու խորհուրդին անդամ եւ բարերար Պրն. Ներսէս Նալպանտեանն ու իր կինը՝ Տիկ. Լեսլի Նալպանտեանը ներկայ պիտի գտնուէին երգահանդէսին:
Երգահանդէսի վայրը հասնելէ ետք առաջնորդուեցանք «Տը ֆրենտզ լաունճ»ը, ուր պէտք է սպասէինք վերջին փորձէն եւ երգահանդէսէն առաջ: Աշակերտները փորձեցին իրենց ժամանակը անցընել գծելով, երգելով եւ զրուցելով, մինչեւ որ փորձի հրաւիրուեցանք: Երբ արդէն բեմին վրայ էինք, հանդիսութեան ղեկավար Կլեն Թի փոքրիկները քաջալերեց եւ զանոնք նախապատրաստեց իրենց բեմական առաջին ելոյթին համար: Յայտնապէս ուրախանալով իրենց տրուած հռչակաւոր դառնալու առիթով, փոքրիկները քանի մը անգամ փորձեցին երգերը: Անոնց քաղցր ձայները կ°արձագանգէին սրահին մէջ, իսկ աւստրալիացի գործարար Տիք Սմիթ, հանդիսութեան մասնակիցներէն մէկը, երգերուն կշռոյթով ոտքը կը զարնէր գետին իր տողերը արտասանելու փորձը կատարելու ընթացքին:
Վերադարձանք «Ֆրենտզ լաունճ», ուր պէտք է սպասէինք մինչեւ մեր ելոյթը: Ժամանակը հասած էր լրջանալու եւ հանդարտելու: 5¬րդ դասարանի ուսուցիչ Օրդ. Քարմէն Եունիս աշակերտներուն թելադրեց կեդրոնանալ իրենց պարտականութեան վրայ: Վերջին վայրկեանի մանրամասնութիւններուն ուշադրութիւն դարձուեցան. մազերը պէտք էր կոկիկ ըլլային: Եւ ահա եկաւ հրաւէրը. պէտք է բեմ բարձրանաք: Հասած էր մեծ պահը:
Լռութեամբ աշակերտները անցան բեմ տանող դռներէն եւ առանց վայրկեան մը մտածելու ժամանակ իսկ ունենալու առաջնորդուեցան բեմին վրայ իրենց տեղը գրաւելու: Աւստրալիացի նշանաւոր դերասանուհի Լոռի Տեզմընտ փոքրիկները պիտի ներկայացնէր հանդիսատեսին: Անոնք կանգնած էին լուռ եւ լուրջ՝ սպասելով նշանի, որպէսզի մեկնաբանեն իրենց երգերը:
Տիկ. Փերի Մինասեանը պատրաստ էր ղեկավարելու երգչախումբը, Պրն.Սամուէլ Մինասեան հնչեցուց դաշնակին ստեղնները եւ ահա մենք սկսանք «Եու ար մայ սանշայն»ը: Հանդիսութեան անձնակազմը դուրս եկաւ բեմին ետեւէն եւ մտաւ սրահ՝ դիտելու եւ լսելու բեմին վրայի այս գունագեղ ծիածանը: «Եու ար մայ սանշայն»էն ետք նախակրթարանի խումբի առաջնորդներ Քրիսթինէ Պէրզէքեան եւ Գէորգ Մուրատեան փոքրիկ ներածականով մը ներկայացուցին իրենց յաջորդ երգը՝ «Տը քալըրզ աֆ մայ լայֆ»: Եւ ահա ամէն ինչ վերջացաւ: Մինչ աշակերտները կը հեռանային բեմէն, հանդիսատեսը երկար եւ բարձր ծափերով արտայայտեց իր գոհունակութիւնը:
Ուղղակի ուղղուեցանք պաս, տուն վերադառնալու համար: Ժամանակն էր հանգստանալու եւ մտածելու հանդիսութեան մասին: Փոքրիկները շատ յոգնած էին, բայց նաեւ այնքան ուրախ այսպիսի հրաշալի փորձառութիւն ունեցած ըլլալու համար: Մենք շնորհաւորեցինք երգչախումբը իր հիանալի աշխատանքին համար: Շատ կարեւոր երեկոյ մըն էր եւ երկար պիտի յիշուէր մեր բոլորին կողմէ:
Պասին մէջ փոքրիկներուն հետ զրուցելու ժամանակ ես շատ յուզուեցայ, երբ անոնք գրեթէ խնդրելով հարցուցին. «Տիկ. Օհանեան, կրնա՞նք նորէն երգել»: Ես պատասխանեցի. «Կարելի եղածին չափ շուտ պիտի սկսիմ ձեզի համար նոր առիթներ փնտռել»: Այդ ամբողջ փորձառութիւնը ինչքան բան սորվեցուցած էր աշակերտներուն, ինչքան մեծ ճիգ պահանջած էր անոնցմէ: Սակայն անոնք ընդունեցին մարտահրաւէրը եւ հպարտացուցին Քոլէճը: Մաղթենք, որ այս մէկը ապագայի մեծ իրականացումներու սկիզբը ըլլայ:
Տիկ. Սիւզան Օհանեան