
Շաբաթ, 29 մարտ 2008-ի երեկոյեան, Վալանսի Հայ մշակութային տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ «Սփիւռքը եւ հայեցի դիմագիծի պահպանումը» նիւթով: Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին կազմակերպած այս երեկոյին դասախօսն էր այս առիթով Մարսէյէն յատուկ հրաւիրուած, ՀՅԴ հարաւային Ֆրանսայի ներկայացուցիչ, Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի հայեցի կրթութեան պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան:
Շահեկան այս դասախօսութիւնը տեւեց շուրջ երեք ժամ՝ նիւթի աւարտին կատարուած հարցումներու տարափին պատճառով: Դասախօսը սպառիչ կերպով ներկայացնելէ ետք լայն այս նիւթը, սպառիչ կերպով պատասխանեց նաեւ հարցումներուն, զորս ուղղած էին մեծաթիւ ներկաները, որոնք սրահէն մեկնեցան գոհունակութեամբ ու բաւարարուած:
Դասախօսը իր նիւթը զարգացուց զուգահեռ երկու ուղղութեամբ. լեզու-մշակոյթ եւ ազգային քաղաքականութիւն, առաջինը նկատելով հիմնական ու անփոխարինելի ազդակ՝ երկրորդին յաջողութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի դիմագիծի պահպանման, դասախօսը յայտնեց, որ Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ դիմագիծի պահպանման հոլովոյթը բնականաբար կը տարբերի, իւրաքանչիւր գաղութ ունենալով իրեն յատուկ պայմաններ. հետեւաբար ան առաւելաբար կեդրոնացաւ ֆրանսահայ գաղութին վրայ՝ պարզելով ներկայ իրավիճակը, ժխտական եւ դրական երեւոյթներն ու կէտերը, որոնց լոյսին տակ յանգեցաւ եզրակացութիւններու, զորս ամբողջովին բաժնեցին ներկաները՝ լսելէ ետք կատարուած հաստատումներուն բոլոր հիմնաւորումները: