
Հայ նշանաւոր եւ սիրուած դերասան, ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանի ծննդեան օրը` 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Տէրեան 65 հասցէին վրայ բացումը կատարուեցաւ անոր նուիրուած յուշատախտակին, որուն վրայ գրուած էր. «Այս տան մէջ ապրած է ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանը»:
Յուշատախտակի հեղինակ, Հայաստանի մշակոյթի գործիչ Լեւոն Իգիթեան այս առիթով յայտնած է, որ երբ կը պատրաստէր յուշատախտակը, մնայուն կերպով մտքին մէջ ունէր այն իրականութիւնը, որ Սօս Սարգսեան լաւ մարդ էր, ան սիրոյ հսկայական պաշար ունէր եւ բոլորին բաժին կը հանէր անկէ: Ան երբեք չէր ըսեր, որ ասիկա կարեւոր յատկանիշ է, այլ նկարագրային գիծի վերածած էր սէր շռայլելը, դիտել տուած է Իգիթեան` հաստատելով, որ մեծ ուրախութեամբ ու սիրով պատրաստած է յուշատախտակը:
Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի նախագահ, Հայաստանի արուեստի գործիչ Դաւիթ Մուրադեան հաստատած է, որ սերունդները մնայուն կերպով պիտի սնուին Սօս Սարգսեանի ստեղծագործական եւ բարոյական ժառանգութենէն: «Այսօր ո՛չ միայն յիշատակի ու խոնարհումի, այլ նաեւ հպարտութեան օր է, որովհետեւ մենք ունեցած ենք Սօս Սարգսեանի հետ ապրելու կարելիութիւն: Հայ մշակոյթի սիւներէն մէկը մեր աչքին առջեւ ստեղծագործած է, իսկ մենք վայելած ենք անոր գեղեցիկ ներկայութիւնը», նշած է ան: