
Հայաստանի Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի տղոց Լոս Անճելըս կեցութեան երրորդ օրը ընդգրկեց այցելութիւններու շարան մը դէպի հայկական վարժարաններ, որոնց առաջինը հանդիսացաւ «Ֆերահեան» Ազգ. Երկրդ. Վարժարանը: Խումբը ընդունուեցաւ տնօրէն Ժան Գոսագեանի կողմէ, ապա վարժարանի կարգ մը դասարանները այցելելէ ետք հրաւիրուեցաւ սրահ՝ միջնակարգի աշակերտութեան հետ հանդիպելու:
Վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհիներէն Սեզա Քիւրտեան տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի անունով ողջունեց հայրենի դերասանները, փոխանցեց վարժարանի իւրայատկութիւնները շեշտող մանրամասնութիւններ, ապա խօսքը փոխանցեց խումբին: Դերասան Արման Նաւասարդեան ներկայացուց Համազգայինի հովանաւորութիւնը վայելող Սօս Սարգեանի անուան պետական թատերախումբի պատմականը, հիմնադրութեան նպատակը, ապա աշակերտութեան ծանօթացուց «Անբան Հուրին» թատերախաղի դերակատարները, աշակերտութեան մօտ ստեղծելով հետաքրքրութիւն՝ ընդհանրապէս թատերական արուեստի եւ մասնաւորաբար Հայ Թատրոնի նկատմամբ:
Թատերախումբի այցելութեան երկրորդ վայրն էր ՀԲԸՄ-ի «Մանուկեան-Տեմիրճեան» Երկրդ. Վարժարանը, որուն մուտքին թատերախումբի անդամները ընդունուեցան տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի եւ հայոց լեզուի դասատուներէն Հրաչ Սեփեթճեանի կողմէ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին վարժարանը, որ կը գործէ մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական բաժիններով եւ ունի մօտաւորապէս 700 աշակերտ: Հայեցի կրթութեան հարցին անդրադառնալով՝ Հրաչ Սեփեթճեան խօսեցաւ այն հսկայ ճիգին մասին, որ ի գործ կը դրուի Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ, յատկապէս ծնողներու եւ վարժարաններու կողմէ, որպէսզի այս լայնածիր երկրին մէջ հասակ նետող սերունդները իրենք զիրենք զգան հայ եւ խօսին հայերէն: Այնուհետւ խումբը տնօրէն Յակոբեանի առաջնորդութեամբ այցելեց վարժարանին կարգ մը բաժինները, ապա վարժարանի թատերասրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժնի աշակերտութեան հետ՝ ներկայացնելով մանկապատանեկան թատերախաղի անդամները եւ յորդորելով աշակերտութիւնը՝ չփախցնելու «Անբան Հուրին» ներկայացումը վայելելու առիթը:
Այնուհետեւ խումբը ուղղուեցաւ «Վահան եւ Անուշ Շամլեան» Ազգ. Միջն. Վարժարան, ուր ընդունուեցաւ տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանի կողմէ: Վերջինս հանգամանաւոր կերպով ներկայացուց դպրոցն ու իր առաքելութիւնը, ստեղծման պայմաններն ու հիմնադիր սերունդին ճիգը, հայեցի կրթութիւն ջամբելու նպատակով որդեգրուած մեթոտները, աշակերտութեան ներկայ իրավիճակն ու ձեռք ձգած յաջողութիւնները, ապա հայրենի հիւրերը առաջնորդեց վարժարանի զանազան բաժանմունքի դասարաններ, ծանօթացուց ուսուցչական կազմին անդամներուն:
Այցելութեան աւարտին, Սօս Սարգսեանի անուան հայրենի պետական թատերախումբի անդամները հրաւիրուեցան սրահ՝ միջնակարգի աշակերտութեան հետ հանդիպման, որ անցաւ ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Հայրենի դերասանները աշակերտներուն սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեցին խումբի Լոս Անճելըս այցելութեան նպատակի, թատերախումբի խաղացանկի եւ դերակատարներուն մասին եւ պատասխանեցին աշակերտներու հարցումներուն:
Այցելութիւններու շարքի վերջին դպրոցն էր հայ կաթողիկէ համայնքի «Հայ քոյրերու» Վարժարանը: Թատերախումբը հրաւիրուեցաւ սրահ եւ ինքզինք գտաւ մեծ անակնկալի մը դիմաց, երբ տնօրէնուհի քոյր Լուսիա Էլ-Հայէքի, աշակերտական խորհուրդի ատենապետ Կարէն Քէչէճեանի եւ հայոց լեզուի ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեանի ողջոյնի խօսքերէն ետք, վարժարանի հինգերորդ կարգի աշակերտները բարձրացան բեմ եւ երգեցին Շ. Ազնաւուրի «Քեզի Համար, Հայաստան» եռալեզու երգը (Հայաստանի երկրաշարժի 25-ամեակն է այս տարի...), դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի: Այնուհետեւ Բ. դասարանի աշակերտները արտասանեցին Յ. Թումանեանի «Աշունը» բանաստեղծութիւնը, հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարի Թիւթէլեանի առաջնորդութեամբ, ապա Գ. կարգի աշակերտները արտասանեցին Վահագն Դաւթեանի «Հայաստան»ը՝ հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարի Գույումճեանի ուղեկցութեամբ: Աշակերտութեան կողմէ ներկայացուած գեղարուեստական բաժինը աւարտեցան «Գետաշէն» երգի խմբային երգեցողութեամբ, որ մեծ ոգեւորութեամբ թնդացուց սրահն ու հայրենի դերասաններու բորբ սրտերը: Հուսկ՝ իրարու ետեւէ խօսք առին թատերախումբին անդամները եւ իրենց հայրենական յոյզերն ու ջինջ արցունքները նուիրեցին հայ մանուկ եւ պատանի աշակերտներուն՝ «Հայաստանը նաեւ դո'ւք էք» խօսքի բարձրաձայն գոչիւններով լեցնելով սրահն ու բոլոր ներկաներուն սրտերը անխտիր: Հանդիպումը աւարտեցաւ հայրենասիրական բարձր տրամադրութեամբ՝ անմոռանալի յիշատակներ պարգեւելով Լոս Անճելըս այցի եկած հայրենի դերասաններուն:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային Վարչութիւն