
Հինգշաբթի, 8 Ապրիլ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ ծանօթ արուեստագէտ, քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի եւ անոր դստեր՝ արուեստագէտ Տարիա Խտըշեանի գործերու ցուցահանդէսին՝ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, երեք համայնքապետերուն, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ արուեստագէտներու ու արուեստասէրներու հոծ բազմութեան:
Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի խորհուրդի անդամ, արուեստագէտ Միսաք Թերզեան: Ան յայտնեց, որ լիբանանեան կերպարուեստի տեսադաշտին վրայ Զաւէն Խտըշեան կարեւոր տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ իր գործերը կը յատկանշուին իւրայատուկ մօտեցումով մը, որ եզակի է իր տեսակին մէջ: Գործերուն ճամբով Զաւէն Խտըշեան հանրութեան կը ներկայացնէ արժանիքներ, որոնք կորուստի վտանգին ենթարկուած են: Ապա Թերզեան ներկայացուց արուեստագէտին կենսագրական գիծերը՝ յայտնելով, որ Զաւէն Խտըշեանի քանդակները ցուցադրուած են աշխարհի տարածքին հրապարակային բազմաթիւ վայրերու մէջ՝ գրաւելով արուեստասէրներուն ուշադրութիւնը: Թերզեան նաեւ թուարկեց արուեստագէտին ստացած մրցանակներն ու գնահատագիրները:
Իր խօսքին աւարտին արուեստագէտ Միսաք Թերզեան ըսաւ. «Զաւէն Խտըշեան այսօր մեզի կը ներկայացնէ իր նորագոյն քանդակները, որոնք հոյակապ կերպով կը շաղկապուին իր դստեր՝ Տարիա Խտըշեանի գեղանկարներուն հետ»:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Զաւէն Խտըշեան իրերայաջորդ սերունդներու յիշողութեան մէջ կը շարունակէ քանդակել հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ոգին, ազգային լինելիութիւնն ու դէպի ապագայ անոր յստակ սլացքը՝ ընդգծելով, որ ան սովորական քանդակագործ մը չէ, այլ՝ ապրում է եւ հոգի: Այնուհետեւ Հաւաթեան հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սարգիս Արմէնեանը, որ Համազգայինի շքանշանով պատուեց արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանը՝ առ ի գնահատանք անոր բազմամեայ վաստակին:
Բազմավաստակ արուեստագէտը իր կարգին սրտի խօսք արտասանեց այս առիթով. ան շնորհաւորեց արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանը՝ անոր գործունէութիւնը որակելով բարեգործութիւն եւ ոչ թէ բարերարութիւն, շեշտելով միաժամանակ, որ Թիւթիւնճեանի անունով կոչուած սրահը ոչ միայն արուեստագէտներու գործերուն ցուցադրութեան վայր է, այլ նաեւ արուեստասէր հանրութեան համախմբումի կեդրոն:
Յայտնենք, որ սրահին մէջ ցուցադրուած էին շուրջ 60 քանդակներ եւ գեղանկարներ՝ տարբեր թեմաներով: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 19 Ապրիլ 2010, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: