
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղին, 21 Փետրուար 2020-ին «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն:
Վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, որ Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յատկանշական ազգային կրօնական տօներէն մէկն է, որ ամէն տարի մեծ տօնախմբութեամբ կը յիշատակէ համայն հայութիւնը, աւելցնելով, որ միայն տօնել եւ հպարտանալ բաւարար չեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ գոյատեւումը ապահովելու, այլ պէտք է դառնանք Վարդանանց հերոսներուն արժանաւոր ժառանգորդները, գիտակցինք մեր ինքնութեան արժէքին, հաւատարիմ մնանք քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին,անաղարտ պահենք հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ փոխանցենք զանոնք սերունդէ-սերունդ, որպէս աւանդ եւ մասունք:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք առաջնորդ հայրը իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ Վարդանանց ճակատամարտը եղաւ համայն հայութեան հերոսամարտը, ուր հայ ժողովուրդի կարկառուն դէմքերը մասնակցեցան պատերազմին` պահպանելու համար հայ ազգը, լեզուն եւ մշակոյթը: Ան բարձր գնահատեց աշակերտները, որոնք իրենց երգերով եւ արտասանութիւններով վառ կը պահեն Վարդանի կտակը:
Սրբազան հայրը իր կարգին Աւարայրի յաղթական երթը կամրջեց Սուրիոյ վերջին յաղթանակներուն, յատկապէս Հալէպի ամբողջական ազատագրումին` շեշտելով, որ երբ գոյութիւն ունին կամքը, տեսիլքը, հաւատարմութիւնը եւ հայրենիքին համար զոհուելու պատրաստակամութիւնը` այն ատեն է, որ կ’իրականանան բոլոր ազատութիւնները: Ան շեշտեց, որ 451 թուականը հայ ժողովուրդին համար անկիւնաքար էր, որուն վրայ փշրուեցան հայը օտարացնելու բոլոր փորձերը, եւ 451 թուականը պսակուեցաւ յաղթական դաշնագիրով, եւ հայը ապահովեց իր խղճի ու կրօնի ազատութիւնը, հայրենիքի անկախութիւնը: