
Որքան տպաւորիչ եւ գոհացուցիչ է տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ մենակատար Վարդան Պետրոսեանը անգամ մը եւս տեսնել ու ըմբոշխնել Լիբանանի մէջ` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ:
Որքան մեծ կարելիութիւն ունի մենակատարութեան այս վարպետը ցաւը, տխուր երեւոյթները, խոցող իրականութիւնները ամենայն անմիջականութեամբ ու դիւրութեամբ հասցնելու սրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն, որոնք լարուած կերպով հետեւեցան ներկայացման:
Որքան տպաւորիչ է, որ խնդուք լսուէր սրահին մէջ, Վարդան Պետրոսեանը սիրողները ծիծաղով ընդունէին առանձինն բեմը լեցուցած ու ամենայն ամբողջականութեամբ իրական կեանքի գծած պատկերները, հակառակ անոր որ լաւապէս կը գիտակցէին, թէ այս բոլորին ետին կար հայութեան համար սիրտ ցաւցնող, հայկական հպարտութեան դպչող իրականութիւն մը:
Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան հրաւէրով Վարդան Պետրոսեան Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022-ին ներկայացուց իր խորքային եւ մերօրեայ իրականութեան ու տագնապներուն արտացոլացումը հանդիսացող մենաներկայացումը` «Խոստում»-ը: