
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Արմէնեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Շաբաթ, 29 փետրուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ապա անոր մարմինը ամփոփուեցաւ «Ֆըրն Շըպպեք»ի Ազգային Գերեզմանատան մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ Սարգիս Արմէնեանի յետ մահու շնորհուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, իր երկար տարիներու հասարակական ծառայութեան համար։ Թաղման արարողութեան ընթացքին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ դամբանական արտասանեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան, իսկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կողմէ՝ Յակոբ Հաւաթեան:
Ստորեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանի արտասանած դամբանականը.
«Շուրջ տարի մը առաջ էր Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը «Համազգայինի 90-ամեակին առիթով, իր վարչական, կազմակերպական երկարամեայ եւ մատուցած անձնուէր ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինին ունեցած իր նիւթական նպաստին համար», Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրեց ընկ. Սարգիս Արմէնեանը, չիմանալով որ միայն տարի մը ետք, Համազգայինի մեծ ընտանիքով դարձեալ պիտի համախմբուինք այս անգամ վերջին հրաժեշտ տալու մեր սիրելի ընկերոջ՝ ընկ. Սագոյին։
Վերջին եւ հրաժեշտ, երկու բառեր, կողք կողքի, զորս արտասանելն անգամ դժուար է ու ծանր, որովհետեւ այս բառերուն ընդհանրապէս կ՛ընկերակցին յուզում, ցասում եւ յաճախ՝ ընդվզում։ Այո՛, Հրաժեշտ տալը մի՛շտ դժուար է, մասնաւորաբար վերջին հրաժեշտ տալը, յատկապէս սերնդակիցներու համար, անոր համար է, որ այսօր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աւագ ընկերներուս փոխարէն ես կ՛արտասանեմ այս բառերը, հակառակ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր առիթներով եւ զանազան կազմերով սերտօրէն գործակցած է ընկ. Սագոյին հետ, եւ բոլորիս համար ալ ան նոյնքան սիրելի մարդ է, որքան հաւատաւոր ու նուիրեալ համազգայնական։
Ընկ. Սագոն մաս կազմած է Համազգայինի տարբեր մարմիններու՝ կեդրոնական, շրջանային վարչութիւններ, Հրատարակչատան եւ ցուցասրահի խնամակալութիւն, ինչպէս նաեւ՝ Ճեմարանի զանազան դրամահաւաքներու յանձնախումբեր, ուր յաճախ ստանձնած է ատենապետի պաշտօնը։ Համազգայինը միշտ երախտապարտ կը մնայ ընկ. Արմէնեանին, որպէս ծառայասէր միութենական, սակայն ընկ. Սագօն ալ իր կարգին մինչեւ իր մահը մնաց շնորհակալ Համազգայինին, որովհետեւ իրեն համար Համազգայինը տուն էր, ուր ինք կ՛ապրէր ու կը գործէր հանգիստ։ Համազգայինը այն միութիւնն էր, ուրկէ ընկ. Սագօն կը ստանար հոգեկան գոհացում քանի մը առումով։ Համազգայինը ո՛չ միայն իր փայփայած ուխտավայր Ճեմարանն էր, ոչ ալ սոսկ ընկերական միջավայր, այլ նաեւ՝ ընտանիք, ուր բոլորը իր հարազատներն էին։ Հոնկէ ծնած էին բարեկամութիւններ ու մտերմութիւններ, որոնք թանկ էին իրեն համար։
Համազգայինը կը յագեցնէր նաեւ ընկ. Սագոյի ունեցած պապակը արուեստի ու մշակոյթի նկատմամբ։ Արուսետասէր էր, Նրբաճաշակ, կը սիրէր լաւագոյնը, կը գնահատէր գեղեցիկը, որակաւորը, համեղը, եւ ոչինչ կը զլանար իր այս նախընտրութիւններուն համար, այդ ապացոյցներէն մէկն է Համազգայինի Լեւոն Շանթ Կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահը։ Արուեստի գեղեցիկ գործ մը, երաժշտական բարձրորակ ունկնդրութիւն մը, կամ պարզապէս համեղ պատառ մը կ՛ուրախացնէին զինք։ Աւելի՛ն, ան ճիգ չէր խնայեր հայ տաղանդաւոր արուեստագէտները գնահատելու, ըլլա՛յ կերպարուեստի ոլորտին մէջ, հիմը դնելով եւ երկար տարիներ վերահսկելով «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, կամ երաժշտութեան ոլորտին մէջ, ուր ամէն տարի կը ջանար լիբանանի երաժշտասէր հանրութեան ծանօթացնել համաշխարհային ճանաչման արժանի, տաղանդաշատ հայ երաժիշտ մը կամ խումբ մը «Պիպլոսի Միջազգային Փառատօնի» ծիրէն ներս, որուն տնօրէն խորհուրդի իր անդամ ըլլալը, անշուշտ զուգադիպութիւն չէր։ Աւելորդ է խօսիլ ընկ. Սագոյի սուր քիմքին մասին, երբ յատուկ բծախնդրութեամբ կը հետեւէր Ճեմարանի ճաշկերոյթներուն մատուցուած ճաշացուցակներուն: Ան իր տան ջերմ յարկին տակ, միշտ առատ սեղանով իր ընկերներն ու հիւրերը դիմաւորող հիւրընկալն ու հիւրասէրն էր, որովհետեւ ան կը սիրէր կեանքը վայելել եւ վայելցնել։
Ժողովական առօրեայէն դուրս ընկերային հաւաքներն ու ընթիրքները յատուկ տեղ ունէին իրեն համար, բայց Ընկ. Սագոյին հետ ժողովական կեանքն ալ տարբեր համ ունէր։ Ղեկավարի կարողութեամբ օժտուած էր, իսկ մի՛շտ յարգանք պարտադրող իր ներկայութիւնը, բառին բուն իմաստով նիստերու համեմունքն էր, եւ երբ այդ համեմը քիչ մը աւելի ըլլար, նիստը կը տաքնար, որովհետեւ սկզբունքի տէր էր, կը մերժէր կեղծիքն ու սուտը։ Խստապահանջ էր, գործը պէտք է կատարուէր լիուլի, բծախնդրօրէն, առանց թերացումներու, հակառակ պարագային ընկ. Սագոյին զայրոյթը կարելի չէր ըլլար հակակշռել։ Եւ գաղտինք չէ, որ բոլորս կը փորձէինք խուսափիլ զինք բարկացնելէ, մասնաւորաբար վերջին տարիներու ընթացքին, երբ առողջական որոշ հարցեր ունէր եւ կը զգացնէր որ արդէն յոգնած է։ Ընկ. Սագօն գործի մարդ էր, խօսքը շատ չէր սիրեր, իսկ իր ստաձնած գործին նկատմամբ գերբծախնդիր էր եւ պէտք է հետեւէր բոլոր մանրամասութիւններուն։ Հետեւաբար պէտք չէ երկար խօսիլ, այլ պարզապէս պէտք է համակերպիլ այն միտքին հետ, որ ընկ. Սագօն այլեւս ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ, սակայն անոր գործն ու յիշատակը մի՛շտ վառ պիտի մնան։
Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան եւ մեծ ընտանիքի անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները Արմէնեան ընտանիքին։
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի ընկ. Սագօ»։