
Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան իր յաղթական լրումին հասաւ Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատերախումբի Լոսանճելըսեան շրջագայութիւնը՝ «Վըրայէթի Շօ» համերգով, որ սոսկական համերգ մը չէր, այլ հայ մշակոյթի յաղթերգ, որ հնչեց մօտաւորապէս երկու ժամ՝ մեծադիր պաստառի վրայ կատարուած ցուցադրութեամբ, անհատական ելոյթներու, թատերական սքէչներու, խմբերգներու եւ ասմունքներու ընդմէջէն:
Արդարեւ, թատերախումբի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանի մտայղացմամբ պատրաստուած համերգը յաջողեցաւ փշրել բեմ-դահլիճ պատուարները եւ վերածուեցաւ ազգային տօնախմբութեան ու հանդէսի, որուն ընթացքին խումբին դերասանները հանդէս եկան ասմունքով, երգով, խմբային ընթերցումով, իւրայատուկ ներկայացումներով:
Համերգը ճարտարօրէն վարեց Վարդան Մկրտչեան, որ զուարթախօսութեամբ ու պատումներով հանդիսատեսին ներկայացուց իւրաքանչիւր դերասան-կատարողի տաղանդին իւրայատուկ կողմերը, փոխանցեց հետաքրքրական տեղեկութիւններ խումբին եւ խումբի հիմնադիր՝ մեծանուն դերասան եւ բեմադրիչ Սօս Սարգեանի մասին:
Հանդիսատեսներուն ընծայուեցաւ առիթ՝ լսելու մեծ վարպետին ձայնով հայ բանաստեղծութեան գոհարներ, այլեւ մեծադիր պաստառին վրայ հետեւելու անոր ազդու պատգամներուն՝ հայրենիքի, ազգային մշակոյթի եւ թատերական արուեստի մասին: Յուզիչ էր պահը, հայրենի բնութեան ընդերքներէն հոսող զուլալ ջուրի համ ունէին Սօս Սարգսեանի բառերը՝ արմատական ու տարերային:
Ցուցադրուեցան նաեւ դրուագներ՝ թատերախումբի հիմնադրութեան առաջին իսկ տարիներուն խումբին՝ դէպի հայ սահմանապահ զինուորական ջոկատներ տրուած այցելութիւններէն, Սօս Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ, քանզի «հայ զինուորին ոգի է պէտք, հայ զինուորը պէտք է զգայ, որ թիկունքին կանգնած հայ մարդ կայ»... Համերգի ընթացքին անուանի դերասան Կարինէ Ջանջուղազեան մեծ վարպետութեամբ կատարեց իր հեղինակած երգերէն, իսկ մրցանակակիր նարինէ Գրիգորեան հանդէս եկաւ շատ տպաւորիչ՝ «Սատանայի եւ հրեշտակի միջեւ» թատերական մենակատարութեամբ: Համերգի աւարտին խումբը ընթերցեց Սօս Սարգսեանի վերջին գրութենէն հատուածներ, յագեցած՝ մտաւորական մարդու հայրենիքը բարեկարգողի յանձնառութեամբ: Աւարտին դարձեալ հնչեց Սօս Սարգսեանի ձայնը, այս անգամ Համօ Սահեանի՝ «Ինձ բաց թողէք ես գնամ» քերթուածով, որ կարծես ըլլար վարպետին վերջին՝ հեղինակային խօսքը, ինչպէս դիտել տուաւ Վարդան Մկրտչեան:
Համերգը փակուեցաւ Սայեաթ Նովայի «Նազանի» երգի խմբային կատարմամբ, որուն յաջորդեց յոտնկայս ծափերու անդադրում ալիք... Հուսկ, Արեւմտ. Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ճուխաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կ. վարչութեան՝ ծրագրի հովանաւորութեան համար, Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբին՝ Լոս Անճելըսի մէջ թատերական փառատօն իրականացնելու համար եւ անոնց, որոնք սիրայօժար եւ կամովին աշխատեցան՝ այս ծրագրի յաջողութեան համար եւ շնորհակալական յուշատախտակ յանձնեց խումբին: Հանդիսատեսները սրահէն մեկնեցան մեծ բաւարարութեամբ եւ այն վստահութեամբ, որ յառաջիկայ տարի եւս առիթ պիտի ունենան Համազգայինի խումբի թատերական ներկայացումները ըմբոշխնելու, ինչպէս հաւաստիացուց ատենապետը՝ փակման խօսքին ընթացքին:
Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբը առաջին անգամ ըլլալով եկաւ Լոս Անճելըս, շքեղօրէն իրագործեց իր խաղացանկը, ան կը վերադառնայ հայրենիք՝ յառաջիկայ տարի դարձեալ այցելելու խոստումով: Բարի երթ՝ մեր բոլորին սրտերը գրաւած երիտասարդ խումբի բոլոր անդամներուն՝ Վարդան, Հրաչ, Արման, Վարշամ, Կարէն, Անդրանիկ, Վանիկ, Եուրի, Մխիթար, Արեւիկ, Գայեանէ, Կարինէ, Արմինէ, Արմինէ Պ., Տաթեւիկ եւ Նարինէ... մենք ձեզ կը սպասենք անհամբեր:
Սեդա Գրիգորեան